Անցեալ Կիրակի սեղանակից եղանք Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Սիրոյ Սեղանին եւ ուրախութեամբ տեսանք որ հոն նորընտիր Թաղային Խորհուրդ մը կը ջանայ առաւել եւս պայծառ դարձնել եկեղեցւոյ ընդհանուր տեսքը։ Եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ զով էր օդը, բայց տաքուկ էր հոն մթնոլորտը։
Միջոց մը խօսեցաւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ.ը, որ ունի խօսակցական մտերմիկ ու հաղորդական ոճ։ Սրտամօտիկ բաներ ըսաւ եւ միջոց մըն ալ ուզեց, որ մեր ժողովուրդը հոգածութիւն ցոյց տայ Պատրիարքարանի նկատմամբ, քանի որ Պատրիարքարանն ալ դժուար օրեր կ՚ապրի։ Զաքէոս Հայր Սուրբ այդ միջոցին գործածեց սրտախօսիկ նախադասութիւն մը։ Ըսաւ. «Ունինք-չունինք` Պատրիարքարան մը ունինք, եկէք տէր կանգնինք անոր»։
Այդ միջոցին մտածեցինք, որ Զաքէոս Հայր Սուրբը պարզապէս Պատրիարքարանի կարեւորութիւնը ընդգծելու համար էր, որ գործածած էր այս նախադասութիւնը, որովհետեւ մենք Պատրիարքարանէն զատ ունէինք տակաւին ինչեր ու ինչեր, ուստի չէինք կրնար անգոյ նկատել զանոնք եւ ըսել, որ «Ունինք-չունինք` Պատրիարքարան մը ունինք»։ Եւ վստահ ենք որ Հայր Զաքէոսին ըսել ուզածն ալ այդ չէր արդէն։
Պատրիարքարանը անկասկած մեր համայնքային կեանքի ու ազգային հաստատութիւններու ամենաբարձր կէտին վրայ գտնուող հաստատութիւնն է, Աթոռ մըն է, որքան ալ այսօր Պատրիարք Հայրը անբուժելի հիւանդ ըլլայ։ Պատրիարքը հիւանդ է, բայց Պատրիարքարանը կը գոյատեւէ ու պիտի գոյատեւէ։
Բայց մենք չենք կրնար մոռնալ, որ Պատրիարքարանի հովանիին ու հետաքրքրութեան ներքեւ ունինք բաւական լաւ կազմակերպուած համայնքային կեանք մը, որուն մաս կը կազմեն իրարու սերտօրէն կապուած ինչ-ինչ հաստատութիւններ, ինչպէս եկեղեցիներ, դպրոցներ, ազգային հիւանդանոց, Սանուց Միութիւններ, հրաշալի երգչախումբեր, մամուլ, գրականութիւն, հրատարակչական գործունէութիւն։ Եթէ պիտի գուրգուրանք ասոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ, մենք ալ Հայր Զաքէոսին նման պիտի կարենանք ըսել. «Ունինք-չունինք` հայկական վարժարաններ ունինք, տէր կանգնինք անոնց», կամ “Ունինք-չունինք քանի մը հատ Սանուց Միութիւն ունինք, տէր կանգնինք անոնց”, կամ «Ունինք-չունինք` սա երգչախումբերը ունինք, եկէք զօրավիգ կանգնինք անոնց»։ Ասիկա չի նշանակեր, անշուշտ, մոռնալ միւսները, այլ պարզապէս կը նշանակէ այդ վայրկեանին ջերմ գուրգուրանք կեդրոնացնել նշուած հաստատութեան վրայ։
Բայց միւս կողմէ` հոս կայ կարեւոր կէտ մը, որուն մասին կը մտածենք, երբ կ՚իմանանք Հայր Զաքէոսի «Ունինք-չունինք»-ը։ Այդ ալ սա է։ Չի բաւեր ունենալ։ Անհրաժեշտ է աւելին։ Նախ՝ անհրաժեշտ է առողջ գիտակցութեամբ գիտնալ, թէ «ունինք» սա կամ նա արժէքաւոր հիմնարկութիւնը, ապա անհրաժեշտ է տէր կանգնիլ այդ հիմնարկութեան, վերջապէս` անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել, որպէսզի աւելի բարգաւաճի այդ հիմնարկութիւնը։ Պէտք է գիտնանք նաեւ, որ սա մեր ունեցածը այդպէս մէկ-երկու տարուան մէջ այս վիճակին հասած հարստութիւն մը չէ։ Ինչ երկար ու երկար տարիներու ու ինչ իրերայաջորդ սերունդներու տքնաջան աշխատանքով է, որ ան հասեր է իր այս վիճակին։ Այսպիսի հիմնարկութիւն մը, որ կրնայ երկու օրէն իր դռները փակել ու անհետանալ, տասնամեակներու պտուղ է եւ զայն կորսնցնելէ վերջ, եթէ ուզենք վերստին ունենալ անկէ հատ մը, դարձեալ պէտք պիտի ըլլայ, որ երկար տասնամեակներ իրերայաջորդ կերպով տքնաջան աշխատանք տանինք անոր համար։ Քանդելը դիւրին է եւ շուտ կ՚ըլլայ, շինելն է, որ դժուար է եւ դանդաղ կ՚իրականանայ։
Շնորհակալ ենք Հայր Զաքէոսին, որ իր մէկ խօսքով մեզ առաջնորդեց մտածելու կենսական հարցերու մասին։ Այս բոլորը շատ կարեւոր են մեզի համար, որովհետեւ, ի վերջոյ, ունինք-չունինք` սիրելի համայնք մը ունինք այստեղ, եւ պէտք է հաւաքաբար տէր կանգնինք այդ համայնքին եւ այդ համայնքը պահենք իր ամէնէն մաքուր ու տոհմաշունչ մթնոլորտին մէջ։
Ռ. Հ.
http://www.normarmara.com/marmara.htm
Leave a Reply