Թուրքիոյ Մարթին նահանգի Քըզըլթեփէ շրջանին մէջ կ’աւերեն «Հայկական բլուր» կոչուող հնավայրը. անոր փոխարէն կը կառուցուի բարձրայարկ նոր շէնք:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ»-ը, այդ մասին ահազանգած է հնագէտ Նեզիհ Պաշկելէն, որ կրցած է գաղտնի լուսանկարել տարածքը: Հնագէտը լուսանկարները նամակի հետ ուղարկած է Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւն:
«Լուսանկարները գաղտնի նկարած եմ: Սարսափելիօրէն ոչնչացուցած են ամէն ինչ: Անոնց փորած հողէն դեռ հնարաւոր է հին խեցեղէն հանել: Նախարարութիւնը պէտք է անյապաղ միջամտէ»,- գրած է Պաշկելէն:
Հայկական բլուրը կը կրէ նաեւ «Թէլ Արմէն» անուանումը (արաբերէն կը նշանակէ հայկական բլուր,- Tert.am/hy), որ ստացած է շրջակայ հայկական գիւղէն:
«Նման կարեւոր բլուր առանց ուսումնասիրելու, հետազօտելու, առանց համապատասխան գիտական միջամտութեան, առանց փաստաթուղթերու, նման կերպ վերացնելու փաստը շատ տխուր է: Քըզըլթեփէի «Թէլ Արմէն» բլուրը պէտք է անյապաղ պաշտպանութեան տակ առնուի եւ անօրինական միջամտութիւնը պէտք է կանխուի»,- գրած է ան:
Leave a Reply