Եւրոմիութիւնը պիտի ընդունի՞ վիզայի դրութիւնը ջնջել Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար

Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր կը պահանջէ, որ Եւրոմիութիւնը դադրեցնէ Թուրքիոյ քաղաքացիներէն վիզա պահանջելու դրութիւնը, Վերջ տրուի Թուրքիոյ ու Եւրոմիութեան միջեւ վիզայի ստիպողութեան։ Եւրոմիութիւնը մինչեւ այսօր դէմ էր այս դրութեան, բայց կը թուի, թէ այժմ տրամադրութեան փոփոխութիւն մը կայ։ Եւրոմիութիւնը իր յանձնախումբին լիազօրութիւն պիտի տայ, որպէսզի Թուրքիոյ հետ սկսին այս նիւթի շուրջ բանակցութիւններ։ Որպէս առաջին քայլ` Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու դեսպաններու մակարդակին վրայ, հինգշաբթի օր ալ նախարարներու մակարդակի վրայ երկու ժողովներ պիտի գումարուին։ Եւրոմիութիւնը ասոր փոխարէն կը սպասէ, որ Թուրքիա ալ ընդունի ստորագրել «գաղթականները ետ ընդունելու համաձայնագիրը», որ պատրաստուած էր 2010 թուականին։ Եւրոմիութեան համար կարեւոր է, որ Թուրքիա ստորագրէ այս համաձայնագիրը, ըստ որու Թուրքիա ետ պիտի ընդունի այն թուրք գաղթականները, որոնք փախստական ճամբաներով Եւրոմիութիւն գացած են։ Այս նիւթի շուրջ տարակարծութիւն կայ Թուրքիոյ ու Եւրոմիութեան միջեւ. Եւրոմիութիւնը կ՚ուզէ, որ նախ Թուրքիա ստորագրէ ետ ընդունելու համաձայնագիրը, անկէ վերջ բանակցութիւն կատարուի վիզան ջնջելու համար, իսկ Թուրքիա, որ կը վախնայ, որ Եւրոմիութիւնը դարձեալ կը խոստանայ ու չի գործադրեր, կը պահանջէ, որ վիզայի դրութեան ջնջումն ու ետ ընդունելու համաձայնագիրը ստորագրուին նոյն ժամանակ։

Վիզայի խնդրին ապագան տակաւին շատ յստակ չէ։ Կ՚ըսուի, որ նոյնիսկ եթէ Եւրոմիութիւնը այսօր սկսի բանակցիլ այս մասին, վիզայի ջնջումի գործընթացը կրնայ տեւել 2,5 տարի։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ