Ալքիմիան մահուան կիրճին մօտ. այց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եղբայրական գերեզման. Armenian Weekly (լուսանկարներ)

 
«Անոնք հայեր` հազարաւոր հայեր բերին: Անոնց ունեցուածքը խլեցին ու նետեցին անդունդը: Մեր գիւղին մէջ կին մը կար, 104 տարեկան էր: Ան տեսած է»,- կը պատմէ քիւրտ գիւղացին` Տուտան կամ Իւտան Տերէ կոչուող տարածքի մասին՝ խօսելով Armenian Weekly պարբերականի գլխաւոր խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանի հետ:

Մօտակայ Չունքուշ քաղաքի ամբողջ բնակչութեան վերջին հանգրուանը դարձած վայրի ու ապշեցնող բացայայտման մասին կը գրէ Մուրատեան «Ալքիմիան մահուան կիրճին մօտ. այց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եղբայրական գերեզման» վերնագրով իր յօդուածին մէջ:

Այստեղ 1915-ին Չունքուշէն 10.000 հայ սպաննուած է ոստիկաններու կողմէ ու լեցուած ձորը:

Չունքուշի հայերու սպանդը կը համարուի Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղւոյն վրայ իրականացուած ամենախոշոր ու ամենադաժան կոտորածներէն մէկը: Նախ` տղամարդոց 10-10 կապած են իրար ու յանձնած կացնաւոր թուրքերուն… Կանանց մերկացուցած են, կտրած կոկորդները եւ նետած ձորը: Որոշ կանայք գերադասած են իրենք իրենց նետել մահուան անդունդը` իրենց հետ տանելով երեխաները, իսկ թշնամին զրկել աւարէն:

Մուրատեանի հետ ճամբորդող արտասահմանցի ընկերներէն մէկը նկատած է, որ այդ վայրէն այսօր ալ մահուան հոտ կու գայ: Ինքը՝ խմբագիրը, կը գրէ, թէ «երբեք այնքան մօտ չէ եղած բանի մը, որ կրնայ անուանել դժոխքի դարպաս»:

Սակայն անոր խօսելու ունակութենէն գրեթէ զրկած է այլ բացայայտում մը. տեղի քիւրտերը պատմած են, որ գոյութիւն ունին «հայկական իրեր», որոնք ի սկզբանէ ոսկեայ եղած են, սակայն յետոյ վերածուած են պղինձի: Տեղացիներուն մէջ հաւատալիք կայ, որ եթէ որեւէ մէկը կրնայ կարդալ այդ իրերուն վրայի հայերէն գրութիւնները, անոնք կրկին ոսկիի կը վերածուին… Այդ խնդրանքով իսկ տեղի քիւրտերը կը դիմեն իրեն:

Ապշահար խմբագիրը կը համաձայնի կատարել քիւրտերուն խնդրանքը… Քիւրտերը ահագին սպասք ու այլ իրեր կը բերեն, որ պատկանած են հայերուն… Սակայն կը յայտնուի այլ քիւրտ մը, կը հեռաձայնէ ու հայերը կը տանի ուրիշ ուղղութեամբ, յետոյ կրկին կը հեռաձայնէ ու կրկին քիւրտ ընտանիք կը յայտնուի` հայերու իրերով…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ