Անցեալ տարի Վանի մէջ տեղի ունեցած 7.2 աստիճանի ուժգնութեամբ երկրաշարժը փոխած է անգամ Վանայ լիճի արտաքին տեսքը. կը տեղեկացնէ Haberler կայքը:
Վանայ լճի վերաբերեալ հրապարակուած 20 էջէ զեկոյցի մէջ կը նշուի, որ լիճը որոշ հատուածներու մէջ 15-20 մեթր ետ քաշուած է, իսկ որոշ վայրերու մէջ լիճի մակարդակը մօտ 10 սմ բարձրացած է:
«2011թ. հոկտեմբեր 23-ին Վանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժէն ետք ափամերձ շրջաններու մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները էապէս յանգեցուցած են լիճի ֆիզիքական տեսքի փոփոխութեան»,- ըսուած է զեկոյցի մէջ:
Որոշ հատուածներու մէջ ափեզրը 15-40 սմ փոփոխութիւն կրած է :
Leave a Reply