Թուրքերը անհանգստացած են Վալերի Պուայէի վերընտրութեամբ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի մէջ անցնող շաբաթավերջին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին, գլխաւոր ընդդիմադիր կուսակցութեան Պուշ տը Ռոն շրջանի երեսփոխանական թեկնածու Վալերի Պուայէ կրցաւ երեսփոխան վերընտրուիլ՝ խլելով քուէներուն 50.65 տոկոսը եւ պարտութեան մատնելով իր ընկերվարական մրցակիցը:

Պուայէ անցեալ Դեկտեմբերին պատրաստած էր Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը յանցագործութիւն նկատող օրէնքը, որ հարուած մը հասցուցած էր Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն։ Երբ օրինագիծը մերժուեցաւ Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ, Պուայէ խոստացաւ օրակարգի բերել նոր օրինագիծ մը, ինչ որ կը մտահոգէ թրքական շրջանակները:

Միաժամանակ թրքական կողմը անհանգստացած է այն իրողութեամբ, որ հայամէտ գործիչին յաղթանակի կողքին ընտրութիւններուն ընթացքին պարտութիւն կրած է թրքամէտ գործիչ Ժան Ֆիլիփ Մորյէն, որ Թուրքիա-Ֆրանսա բարեկամութեան խմբակի նախագահն էր եւ գլխաւոր պայքարողը՝ Պուայէի ներկայացուցած օրինագիծին դէմ:

Յայտնենք, թէ ընտրութիւններէն ետք ընկերվարականները իրենց հակակշիռին տակ առին նաեւ խորհրդարանը: Անոնք մեծամասնութիւն ապահոված էին Ծերակոյտին մէջ, իսկ նախագահական պալատը եւս կը գտնուի իրենց տիրապետութեան տակ:

http://asbarez.com/arm/133380/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ