ՀՈՐԻԶՈՆ – Հրանդ Տինք կ’ըսէր, թէ «1915-ը խօսինք ոչ թէ մեռածներու՝ այլ մնացողներու վրայով»։ Իսլամացած կամ բռնի իսլամացուած հայերու մասին ընկերաբան Laurence Ritter, իր կողակցին եւ լուսանկարիչ Մաքս Սվասլեանի հետ Թուրքիոյ չորս կողմը պտտելով, ծանօթութիւններ հաւաքած եւ ամփոփած է «Les restes de l՛epee» («Սուինի մնացորդացը») գիրքին մէջ։ Ստորեւ թարգմանաբար կու տանք ԱԿՕՍ-ի թղթակից Լիլիթ Կասպարեանի զրոյցը հեղինակին հետ։
Հարցում– Ուրկէ՞ է Ձեր հետաքրքրութիւնը:
Պատասխան– Ծածուկ կամ ազատեալ, կամ ալ դաւանափոխ հայերուն մասին նախնական ծանօթութիւնները ստացայ Մարսիլիոյ մէջ Րաքէլ Տինքի ազգականներէն, երբ տոքթորայի թէզս կը պատրաստէի (2000-2005)։ Այս նիւթին շուրջ սորվածներս գիրքի մէջ ամփոփել խորհեցայ` Հրանդ Տինքի հետ մէկտեղուելէ ետք։ Հրանդ, կ’իշխէր այս նիւթին։ Այս մարդիկը ունումնասիրելը խղճի հարց մըն էր ինծի համար։ Վասընզի պատմելիք շատ բան ունին… Ասոնց իսլամացուած կամ դաւանափոխ կարելի է ըսել, սակայն այս մէկը միայն կրօնական հարց չէ, առաւելաբար մշակոյթի եւ ինքնութեան խնդիր է։ Ուզեցի հանդիպիլ գալ. ինքզինքնին տակաւին հայ զգացող այս մարդոց հետ կապ հաստատել ուզեցի։
Հարցում– Ինչպէ՞ս անցաւ աշխատութեան շրջանը։
Պատասխան– Բոլոր տեսակցութիւնները եւ ճամբորդութիւնները նախօրօք պատրաստուած էին։ Ապա թէ ոչ պտոյտի ձեւով երթալ, զիրենք գտնել եւ խօսեցնել կարելի պիտի չըլլար։ Պատահեցաւ, որ 4-5 հազար քմ. ճամբայ կտրեցինք։ Շատ լաւ տեղեակ էինք, թէ որու՞ եւ ինչո՞ւ կը դիմենք։ Իրենց խնդրանքով մեր տեսակցած անձերուն անունն ու վայրը փոխեցինք։ Իրենց ապրած շրջանակին մասին վախ կը զգային. «Այսպէս ապրեցանք, այսպէս ալ թող շարունակուի, աղմուկ հանելու հարկ չկայ»` մտածումով շարժեցան։
Հարցում– Այս աշխատութեան գլխաւոր ստուգումը ի՞նչ եղաւ:
Պատասխան– Իսլամացուած հայերն ու գաղտնի հայերը որոշապէս կը զանազանեմ։ Երբեմն շրջաններու մէջ չորս սերունդ հայ մնացած, իրենց միջեւ ամուսնացած եւ իրենց բարբառը պահած հայեր կան։ Ոմանք իրենց քրիստոնէական բարքերը դեռ կիրարկելով հանդերձ, իրենց շրջանակին մէջ հաւատացեալ մահմետականներ ըլլալով կը ճանչցուին։ Ասոնք գաղտնի հայեր են, մինչդեռ իսլամացած հայերը մեծամասնութիւն են եւ հարկ է ըսել, թէ իսլամութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցեն։ Անոնց համար վերադարձ չկայ։ Այս մարդիկը պիտի շարունակեն այսպէս ապրիլ։ Ասոնցմէ շատերուն համար հայութիւնը իրենց նախնիքին հայ եղած ըլլալու գիտակցութիւնն է։ Ոմանց համար ալ հայութիւնը պարզապէս պրպտելու հարց է. մինչեւ Երեւան կ’երթան ազգական փնտռելու։
Հարցում– Երբ օտարի մը աչքով նայիք, Ձեր դէմ ելած դէպքը հայկական տեսակէտէ ի՞նչ իմաստ ունի։
Պատասխան– Երբ այս աշխատութեան սկսայ, չէի սպասեր, որ այս մարդիկը «Ես հայ եմ» պիտի ըսէին։ Միակ նպատակն էր մինչեւ 1915 երկարող ճամբու մը քարտէսը գծել։ Փորձեցի գիտնալ, թէ ով մեռաւ, ովքեր սպաննուեցան, ովքեր Իսլամ դարձան կամ բռնի Իսլամացան։ Ուզեցի երեւան հանել, թէ ինչպիսի շրջան մը ապրուեցաւ։ Թերեւս կողակիցս այսպէս չի խորհիր, սակայն ասիկա ինծի համար շատ կարեւոր էր։ Երբեմն կրօնը, մշակոյթը եւ քաղաքականութիւնը տարբեր բաներ են։ Գոյութիւն ունին տարբեր «Ես»-եր։ Իսկութեան մէջ ոչ կրօնը, ոչ լեզուն, ոչ ալ ցեղանունը պաշտպանուեր է։ Ասիկա Ֆրանսայի եւ Սպանիոյ մէջ կաթոլիկ դարձած հրեաներուն վիճակին շատ կը նմանի։ Անոնք ալ բռնի կաթոլիկ դարձած էին, բայց գաղտնօրէն իրենց կրօնքը կ’ապրէին։ Հետաքրքիր եմ, թէ գաղտնի հայերուն հարցը ինչպէս պիտի լուծուի։ Ես այս բանը աւելի հայերուն ապագայ վարմունքին եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման կը կապեմ։
Հարցում– Թուական տուեալ մը ունի՞ք։
Պատասխան– Չեմ ուզեր այս մասին բան մը խօսիլ։ Վասնզի ասիկա մեծ հարցման նշան մըն է։ Ո՞վ կը համարենք մեծ մայրը հայ եղողը, անոր թոռները։ Ապա թէ ոչ` գաղտնի հայերը։ Չեմ գիտեր, ես չեմ կրնար համրել։ Արդէն ինծի համար այս չէ հարկաւորը։ Ես աւելի կը նայիմ, թէ այս մարդիկը ինչպէս ծանօթացնեն ինքզինքնին։ Հրանդ Տինք մէկէն երեք միլիոնի միջեւ կ’ենթադրէր։ Եթէ մեծ մայրերը եւ անոնց թոռները համրենք, հարկաւ թէ ճիշդ էր։ Սակայն ըստ իս այսօր «Անատոլուի մէջ երեք միլիոն հայ կայ» ըսել ազգայնամոլութեան յաւելում կը բերէ։
Հարցում– Կը կարծէ՞ք, թէ այս նիւթը Թուրքիոյ եւ հայոց համար կարեւոր է։
Պատասխան– Թուրքիոյ եւ հայերուն համար կենսական կարեւորութիւն ունեցող հարց է։ Վասնզի անցեալի, այժմու եւ ապագայի համար ամենակարեւոր եւ ուժով կապը այս է։ Թուրքիայ, այս հարցը ուրանալով, 1915-ին քովէն անտես չի կրնար անցնիլ։ Այսօր Անատոլու բնակող այս մարդիկը 1915-ին փաստերն են, կարելի չէ նկատի չառնել այս մարդիկը։ Այսօր Անատոլուի մէջ բազմաթիւ քիւրտեր ձեզի կրնան ցոյց տալ հայերու ապրած հին տուները, անոնց գերեզմանները։ Այս քիւրտերու ընտանեկան ծառին մէջ անպայման հայ մը կայ։ Իմ ճամբորդութիւններուս մէջ շատ քիւրտեր մտիկ ըրի։ Անոնց մօտ 1915-ի վերաբերեալ զանազան անկիւններէ ձեռք առնուած մեծ յիշողութիւն մը կայ։
Հարցում– Իսլամացած հայերու արդի հայ ինքնութեան մէջ գրաւած տեղը ի՞նչ է։
Պատասխան– Նախ պէտք է հասկնալ, թէ ինչ է արդի հայը։ Երեւանցին եւ իսթանպուլահայը, Մարսիլիոյ եւ Լոս Անճըլսի հայը նոյնը չեն։ Երբեմն մարդիկ «իսլամացուած հայեր» չեն, ոմանք ալ` ճիշդ հակառակը։ Գրքիս եւ թէզիս մէջ սա է, որ կ’ըսեմ. «4-րդ սերունդ հայը եւ 1920-ներու հայը նոյնը չէ»։ Ամէն մարդ տարբեր բացատրութիւն կրնայ տալ իր հայութեան կապակցութեամբ։ Սակայն զանոնք միացնող միակ բան մը կայ։ Հայ ինքնութեան ապագային համար ամէն մարդ հայութիւնը իրեն համեմատ, իր ուզած ձեւով մէջտեղ պէտք է դնէ։ Զոր օրինակ` պէտք չէ, որ հայութեան ամենակենսական տարրը ըլլայ հայերէն խօսիլը։ Հայ ինքնութիւնը ապրելու համար տարբեր միջոցներ կան։ Զոր օրինակ` իմ կողակիցս այս բանը ըրաւ Հայաստան տեղադրուելով, ուրիշ մը երաժշտութեամբ կամ գրականութեամբ կրնայ ընել։ Պայման չէ մէկուն նմանիլ, վասնզի բազմամշակոյթը ազգի մը յառաջընթացը ցոյց կու տայ։ Այլեւս պէտք է դուրս ելլել «Հայութիւնը հաւասար է հայերէն առաւել քրիստոնէութիւն» կաղապարէն։
Հարցում– Հայաստան եւ Սփիւռք ինչպէ՞ս կը նային այս նիւթին։
Պատասխան– Երեւանի մէջ շատ զգայուն մօտեցում մը կայ այս նիւթին։ Որովհետեւ, եթէ օր մը սահմանը բացուի, այս գաղտնի եւ իսլամացուած հայերը անպայման պիտի ուզեն Հայաստան երթալ։ Անտեղի մարդիկն ալ «Ասոնք իսկական հայ չեն, ասոնց հայութիւնը ձեւական է» պիտի ըսեն եւ անհանգիստ պիտի ըլլան։ Սակայն ոմանք ալ նոյն Հայաստան երթալով իրենց ցեղը պիտի պրպտեն, մեր մշակոյթը եւ լեզուն մօտէն ապրիլ խորհելով պիտի ուրախանան։ Նայելով գրքին մէջ տեղադրուած օրինակներուն` պիտի տեսնէք, թէ ոմանք որոշած են Հայաստան հաստատուիլ։
Հարցում– Հապա Սփի՞ւռքը։
Պատասխան– Կը կարծեմ, թէ Սփիւռքը նոյնքան տաքուկ չի նայիր։ Մինչդեռ անոնք ալ նոյն հողերուն զաւակներն են, եւ զիրենք ալ պէտք է մօտէն հետաքրքրէ։ Կը յուսամ, որ այս գիրքը օգնէ, որպէսզի Սփիւռքի հայերն ալ նկատեն իսլամացած հայերուն հայեացքը եւ աչքէ անցնեն անոնց արժեւորումները։
Հայերէնի թարգմանեց Արայ Կարմիրեանը
Նիւթը «Ակունք»-ին տրամադրեց «Հորիզոն»-ի խմբագիր Վահագն Կարակաշեանը
Leave a Reply