Երէկ խմբագրատունս այցելութեան եկան մեր համայնքէն Սվասցի երկու ազգայիններ՝ Փայէլ Կիւլլիւտէրէ եւ արդէն յայտնի ազգային գործիչ Սարգիս Կիւլէկէչ։ Անոնք եկած էին` մեզի տալու համար ուրախալի լուր մը։ Մեր հիւրերը արդարեւ հաղորդեցին, որ վերջերս յաջողած են կազմել եւ մէկ-երկու օր առաջ պետական վաւերացման ենթարկել «Սվասցի Հայեր եւ Բարեկամներ» անունով միութիւն մը, որուն նպատակը պիտի ըլլայ համախմբել սվասցիները, յիշողութիւններու մէջ վերակենդանացնել Սվասի անցեալի կեանքը, վերյիշումներով կեանքի կոչել եւ նուիրագործել մշակութային կամ ընկերային այն ժառանգութիւնը, որ առկայ էր անցեալի մէջ եւ որ հիմա պատմութեան փոխանցուելու սեմին հասած է, յարութիւն տալ ներկայիս կորսուած Սվասի հայ բարբառին, թերթեր, գիրքեր թղթատել եւ երեւան հանել այն ամէն ինչը, որ Սվասի յատկանշական կեանքին վրայ դրած է իր անջնջելի կնիքը։ Վերյիշումի ենթարկել սվասցիներու ճաշերը, վերակենդանացնել այս քաղաքի հայ երաժշտութիւնը, առածները, պատմութիւնները եւ փրթելու աստիճանին հասած յարաբերութիւնները վերստին հաստատել։
Այժմ իրենց միութիւնը ունին ուրեմն նաեւ սվասցի հայերը, որոնք կարեւոր թիւ մը կը կազմեն այսօր ալ թէ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանեան երկիրներու մէջ։
Մեր հիւրերը յայտնեցին, որ իրենք քաղաքական նպատակներ չեն հետապնդեր, իրենց փափաքը միայն մշակութային եւ ընկերային հիման վրայ եղբայրական մէկտեղում մըն է։ Անոնք շեշտեցին, որ ընդհանուր համոզում է այն, թէ ամբողջ աշխարհի հայութեան 25 առ հարիւրը այսպէս կամ այնպէս կապ մը ունի Սվասի հետ։ Կը կարծուի, որ միայն Իսթանպուլի մէջ 15 հազար սվասցի հայեր կ՚ապրին։
Ներկայիս Սվասի մէջ 16 հայ ընտանիքներ կ՚ապրին, որոնք ունին նոր սերունդէ ներկայացուցիչներ։ Տրուած ըլլալով, որ տակաւին շատ նոր միութիւն է, հետզհետէ պիտի մշակուին նպատակայարմար ծրագիրներ։ Բայց այժմէն որոշուած է արդէն ձեռնարկ մը։ Միութիւնը ծրագրած է Վարդավառին (13-14-15 յուլիս) դէպի Սվաս քաղաքը մշակութային պտոյտ մը կազմակերպել։ Մինչեւ այսօր այդ պտոյտին համար 130 հոգի արձանագրուած է։ Հոն Խոնուր Կուտուր անունով եկեղեցի-վանքի մը փլատակները կան։ Այս վայրը ներկայիս կը կոչուի Հույ Քէսէն։ Հոն դեռ գոյութիւն ունի նաեւ Ս. Նշան Վանքի ամարանոցը եւ անոր մերձակայքը՝ թելապատ հայապատկան գերեզմանատունը։ Կայ նաեւ Թավրայի եկեղեցին, որ զինուորական գրաւման տակ էր։ Նորակազմ Միութեան գլխաւոր նպատակներէն մէկը պիտի ըլլայ տէր կանգնիլ այս սրբավայրերուն, անոնցմէ ոմանց սեփականատիրութիւնը ետ պահանջել։
Իրենց ժողովասրահը պիտի ըլլայ Գումգաբուի Պօղոսեան-Վառվառեան վարժարանի շէնքը։
Փայէլ Կիւլլիւտէրէի ատենապետութեամբ Սվասցիներու միութեան վարչութեան կ՚անդամակցին հետեւեալ 11 անձերը. Էլմոն Հանչէր, Տքթ. Պարգեւ Պալըմեան, Տքթ. Միրիճան Միրօղլու, Վարուժան Թավրա, Վարուժան Ասատուր, Սարգիս Կիւլէկէչ, Շահին Շէշէթեան, Մուրատ Կէօնքէսէր, Սեպուհ Գոչաք, Մկրտիչ Եշիլչիմէն։
Փայէլ Կիւլլիւտէրէ, որ սվասցիի իր ծագումով հպարտ ու գիտակից խանդավառ անձնաւորութիւն մըն է, ըսաւ, որ սվասցիներու բոլորն ալ հայկական անուններ ունին, անոնք պահպանած են իրենց հայկական անունները, որ առաւելութիւն մը կը նկատուի իրենց համար։ Նաեւ բոլորն ալ պահած են իրենց Հայերէն լեզուն` որոշ բարբառով մը։
Իբր օրինակ` մեր հիւրը յիշեց, որ վերջերս գործի համար Երեւան գացած էր ու հոն իր գիտցած հայերէնը բաւարար եղաւ, որ լաւ լեզու գտնէ հոնտեղիններուն հետ եւ կարգադրէ իր գործերը։ Սվասցիները շատ հաւատարիմ են իրենց աւանդութիւններուն ու կանոններուն, միասնութեան անգիր օրէնքներ կան իրենց միջեւ, զիրար ճանչնան կամ չճանչնան` սվասցիի մը յուղարկաւորութեան անպայման ներկայ կը գտնուին, կը յարգեն զիրար։
Միութիւնը պիտի հիմնէ իրենց համացանցի էջը` իրարու հետ սերտ հաղորդակցութիւն մշակելու համար։ Ծրագրած են հրատարակել գիրքեր հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն լեզուներով` ծանօթացնելով Սվաս քաղաքը։
Իրենց հիմնած Միութեան մասին բացատրութիւններ տալու համար նախընթաց օր անոնք գացին նաեւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցան պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ գերշն. Տ. Արամ արք. սսրբազանին հետ։
ՄԱՐՄԱՐԱ կը շնորհաւորէ նորակազմ Միութիւնը ու օգտաշատ գործունէութիւն կը մաղթէ։
Leave a Reply