ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական լրատուամիջոցներ հինգշաբթի` յունիս 14-ին կը հաղորդեն, թէ Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթիհէ Չեթին բողոքագիր նամակ մը յղած է Եւրոպայի խորհուրդի նախարարներու խորհուրդին՝ դատապարտելով այն իրողութիւնը, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որեւէ յատկանշական քայլի չէ դիմած` Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին կողմէ Տինքի սպանութեան իսկական ոճրագործները բացայայտելու որոշումէն ետք:
Չեթին նամակին մէջ գրած է, որ մէկ տարի առաջ տրուած ատեանի որոշումէն ետք Անգարա կը շարունակէ եւրոպական ատեանի այն պահանջը, թէ դատարանին առաջեւ պէտք է կանգնեցնել յանցագործութեան իսկական մեղաւորները: Ատեանը նաեւ պահանջած էր Թուրքիոյ իշխանութենէն, որ յատկանշական քայլերու դիմէ՝ նման յանցագործութիւններ կանխելու համար:
Ատեանը Թուրքիան մեղաւոր նկատած էր Հրանդ Տինքի կեանքի եւ արտայայտուելու իրաւունքները պաշտպանելու գործին մէջ թերանալուն մէջ:
Leave a Reply