Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ քրտերէն կը դասաւանդուի երկրի պետական դպրոցներուն մէջ` իբրեւ ընտրական նիւթ:
«Մեր դպրոցականները կրնան այսուհետեւ քրտերէն սովորիլ: Քրտերէնը կրնայ ընտրուիլ իբրեւ հիմնական առարկայ` ուսումնական տարուան ընթացքին»,- յայտարարած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան:
Էրտողան ելոյթ ունեցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ եւ այդ քայլը «պատմական» որակած է: Ան նշած է, որ դպրոցներուն մէջ քրտերէնի ուսուցումը կը սկսի, եթէ անհրաժեշտ թիւով դիմումներ ըլլան:
Այս որոշումը շատ ոգեւորած է Թուրքիոյ մէջ բնակող 20 միլիոնէն աւելի քիւրտերը:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Son haber կայքը, Էրտողանի այդ յայտարարութեան նախորդած է մօտ մէկ տարի տեւած զգալի աշխատանքներ: Լուրջ խնդիր եղած է յատկապէս քրտերէն դասաւանդող ուսուցիչներու վերապատրաստումը:
Leave a Reply