Թուրքիա մտահոգ է Իսրայէլի մէջ Ցեղասպանութեան քննարկումներով

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ Երեքշաբթի, Յունիս 12ին տեղի ունեցած Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով քննարկումները խոր մտահոգութիւն յառաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ. այս մասին թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը փոխանցած է «Զաման» թերթին՝ աւելցնելով, որ Թուրքիա պիտի շարունակէ պնդել, թէ այս հարցը պէտք է քննարկուի ոչ թէ խորհրդարաններու, այլ՝ պատմաբաններու կողմէ:

Դիւանագէտը մտահոգիչ համարած է յատկապէս այն իրողութիւնը, որ Իսրայէլի կառավարութեան ներկայացուցիչը՝ բնապահպանութեան նախարար Կիլատ Էրտան, քննարկումին ընթացքին նշած է, թէ Իսրայէլի կառավարութիւնը սկզբունքով դէմ չէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ կը փափաքի, որ հարցին շուրջ քննարկումները շարունակուին:

Թերթը մէջբերած է նաեւ Իսրայէլի խորհրդարանի նախագահ Ռիւվեն Ռիվլիի այն խօսքը, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը հրեայ ժողովուրդին բարոյական պարտաւորութիւնն է:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ