Սպաննուած միլիոնաւոր հայերը յիշելը Իսրայէլի քաղաքակրթական պարտականութիւնն է. Քնեսեթի խօսնակ

Իսրայէլի Քնեսեթի խօսնակ Ռեւին Ռիլուին երէկ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկման ընթացքին յայտարարած է, որ Իսրայէլ պարտաւոր է յիշելու մօտ 100 տարի առաջ թուրքերուն կողմէ սպաննուած մէկ միլիոնէ աւելի հայերը:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ The Jerusalem post-ը, ան նաեւ զգուշացուցած է, որ անիկա պէտք չէ վերածուի թրքական կառավարութեան վրայ յարձակման:

«Մենք քաղաքակրթական պարտաւորութիւն ունինք` յիշելու միլիոնաւոր սպաննուած հայերը: Սակայն կ’արգիլուի քաղաքականացնել հարցը: Անիկա ուղղուած չէ Թուրքիոյ ներկայ վարչաձեւին դէմ: Մենք մեր ձայները պէտք է լսելի դարձնենք այն պարագաներուն, երբ թիրախ կ’ընտրուին այլ ազգեր»,- ըսած է ան:

Ռիլուին նշած է, որ անոնք, որոնք Երկրորդ համաշխարհայինի ժամանակ Հրէական հարցով որոշում կայացուցին, կը մտածէին աշխարհը կը լռէ, ինչպէս անիկա տեղի ունեցաւ հայերու պարագային: «Քնեսեթը չի կրնար արհամարհել այդ փաստը»,- ըսած է ան:

Իսրայէլի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած լսումներու կազմակերպիչը` «Մերեց» կուսակցութենէն Զեհեւա Գալ-Օն, կոչ ըրած է ի վերջոյ ճանչնալու ցեղասպանութեան փաստը: Ան նշած է, որ Հոլոքոսթ վերապրած հրեաները պէտք է աւելի զգայուն ըլլան այլոց հետ տեղի ունեցած աղէտներուն հանդէպ:

Միակ պատգամաւորը, որ դէմ արտայայտուած է Իսրայէլի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, եղած է Ռոպերթ Տիբաեւ, որ նշած է, որ աւելի լաւ է հարցը ձգել պատմաբաններուն:

http://tert.am/hy/news/2012/06/13/knesset-genocide/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ