Վերջերս «Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան զարգացում» ծրագրին ծիրէն ներս՝ հայ եւ թուրք 16 լրագրողները գործնական շրջագայութիւն ունեցած են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Թրքական Vatan օրաթերթի լրագրող Ուղուր Քոչպաշ պատմած է իր տպաւորութիւններու եւ Արարատի խորհրդանիշի մասին:
«Հայ ժողովուրդի 60 տոկոսը կողմ է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու հաստատման: Այսինքն Արարատի հակառակ կողմի հետ խաղաղութեան հաստատումը իրականութեան մէջ այնքան ալ հեռու չէ»,- գրած է ան:
Լրագրողը նշած է, որ Հայաստան ելք չունի դէպի ծով, իսկ ցամաքային սահմանով լարուած յարաբերութիւններ ունի Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ` ԼՂ հակամարտութեան պատճառով:
«Հակառակ «բարեկամ եւ եղբայր» Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ միջեւ վիզային ռեժիմ կը գործէ, Երեւան մտնելու միայն անձնագիր ցոյց տալն ու մօտ 15 տոլար վճարելը բաւական է: Անոր դիմաց 21 օրուան մուտքի արտոնագիր կը ստանաս»,- գրած է Քոչպաշ:
«Ինչպէ՞ս հասնիլը», ըստ լրագրողի, նոյնպէս խնդիր չէ` թռիչքներ կը կազմակերպեն ինչպէս AtlasJet-ը, այնպէս ալ հայկական «Արմաւիա» ընկերութիւնը: Երեւանի փողոցներով քալելու ժամանակ դուք ձեզ օտար չէք զգար: Աւելին` Երեւանի մէջ հանդիպող 100 մարդոց եթէ Սթամպուլի որեւէ փողոց տեղափոխենք, ոչ ոք ոչ մէկ տարբերութիւն չի նկատեր: Նոյնիսկ ճաշարաններու սնունդն է մեր քիմքին հաճելի: Թրքական եւ հայկական խոհանոցները իրարու շատ նման են. եթէ Թուրքիոյ մէջ «Տոլմա» համտեսած էք՝ խորհուրդ կու տամ նաեւ Երեւանի մէջ փորձել»,- գրած է ան:
Խօսելով այն մասին, թէ Հայաստանի մէջ ինչպէ՞ս կը վերաբերին թուրքերուն, ան նշած է, որ ոչ երեւանեան հանդիպումներու ընթացքին, ոչ ալ երեկոյեան զուարճանալու ժամանակ որեւէ խտրական վերաբերումի չեն արժանացած:
«Նոյնիսկ երբ կ’ըսէինք, որ թուրք ենք, վերաբերումը չէր փոխուեր: Միայն հետաքրքրական դէպք մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի ամենահին եկեղեցւոյ` Էջմիածինի մայր տաճարի մօտ, երբ 9-10 տարեկան երեխայ մը, որ կը փորձէր մեզի յուշանուէր վաճառել, լսեց, որ թուրք ենք, աչքերը լայն բացաւ, ապա առանց ետ նայելու փախաւ: Իսկ մէկ ուրիշը նախ մեզի բռունցք ցոյց տուաւ, իսկ երբ տեղեկացուցինք, որ «բարեկամանալու համար ենք» այնտեղ, մեզի ձեռք պարզեց` ողջունելու համար»,- կը նշէ յօդուածագիրը:
Անդրադառնալով Արարատի խորհուրդին` թուրք լրագրողը պատմած է, որ «Արարատը, որուն մէկ օձիքին Հայաստանն է, միւսին` Թուրքիան, կ’երեւի Երեւանի որեւէ կ’էտէ»:
«Հայերու համար Արարատը իրենց պապերու հողերու խորհրդանիշն է: Արարատի կիրքը այնքան ուժգին է, որ ամէն տեղ կարելի է այդ մէկը տեսնել. ճաշարան կ’երթանք` անունը «Արարատ», երկրի ամենայայտնի խմիչքի անունը «Արարատ» է, մարզադաշտ կը տեսնենք, հարցնենք, թէ ո՞ր խումբինն է, պատասխանն է` «Արարատ», դրամարկղ կը տեսնես` վրան գրուած է` «Արարատ պանք»,- կը գրէ ան:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ 2009-ին սկսած «Ֆութպոլային դիւանագիտութեան» մասին, թուրք լրագրողը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ բոլոր քաղաքական գործիչները, մտաւորականները, նոյնիսկ փողոցի մէջ սովորական անցորդները կը խօսին անոր մասին:
«Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, երբ երկու երկիրներու հաւաքականներու խաղը դիտելու համար հրաւիրեց Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը, սկսաւ «Ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը», որ մեծ յուզում յառաջացուց Հայաստանի մէջ: Սակայն Զիւրիխի մէջ ստորագրուած արձանագրութիւններու` յառաջընթաց չարձանագրելը նուազեցուցած է յոյսերը: Եթէ 2009-ին անոր կը հաւատար բնակչութեան 65%-ը, 2010-ին այդ թիւը հասած էր 43-ի, իսկ անցեալ տարի նուազած էր մինչեւ 40 %»,- կը գրէ Քոչպաշ:
Ան նաեւ կը շեշտէ, որ հայերու 34 %-ի կարծիքով սահմանը պէտք է բացուի առանց նախապայմաններու: Ճիշդ նոյնքանն ալ կը պնդէ, որ սահմանը պէտք չէ բանալ, եթէ թրքական կողմը նախապայմաններ դնէ:
Լրագրողը իբրեւ «ծայրայեղական» մօտեցում կը ներկայացնէ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի տեսակէտը: Մանոյեան թուրք լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նշած է, որ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, փոխհատուցէ զոհուած հայերու համար, ինչպէս նաեւ վերադարձնէ տեղահանութենէն առաջ հայերով բնակեցուած վեց վիլայէթները:
Leave a Reply