Պահչէլի կը շարունակէ արգելք հանդիսանալ

«ԱԳԷՓԷ ԵՒ ՃԷՀԷՓԷ Իմրալըի ոճրագործին հետքերէն կը քալեն, ամօթալի է»

Եթէ Ա-Գէ-Փէ եւ Ճէ-Հէ-Փէ իրապէս պիտի ուզեն բաներ մը ընել կասեցնելու համար Քրտական շարժումէն ծնունդ առնող ահաբեկչութիւնը, կամ եթէ իրապէս պիտի ուզեն լուծել Քրտական հարցը, մինչեւ վերջ իրենց դիմաց պիտի գտնեն Մէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնը։ Եթէ Կուսակցապետ Տէվլէթ Պահչէլիի հաւանութիւնը պայման է այսպիսի լուծման մը համար, ատիկա կարելի պիտի չըլլայ, որովհետեւ ամէն բանէ առաջ Մէ-Հէ-Փէի Կուսակցապետ Պահչէլիի համար Քրտական հարց մը գոյութիւն չունի Թուրքիոյ մէջ։

Պահչէլի երէկ Անթալիա գացած էր կուսակցութեան տեղւոյն կազմակերպութիւններուն հետ հանդիպումներ ունենալու համար։ Կազմակերպուած ժողովներէն վերջ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Պահչէլի անդրադարձաւ նաեւ Ճէ-Հէ-Փէի ու Ա-Գէ-Փէի միջեւ կայացած վերջին հանդիպման։ Լրագրող մը հարցուց, թէ Մէ-Հէ-Փէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի խնդրին մասին պատրաստուած թղթածրար մը ունի՞։

Պահչէլի պատասխանեց, որ Մէ-Հէ-Փէ բոլոր կացութիւններու համաձայն պատրաստուած թղթածրարներ ունի։ Լաւ, բայց Մէ-Հէ-Փէ ունի՞ նաեւ թղթածրար մը, որով կարելի ըլլար մօտենալ Ճէ-Հէ-Փէի պատրաստած թղթածրարին։ Այս հարցումին պատասխանելով Պահչէլի ըսաւ.

«Մենք Ճէ-Հէ-Փէի պատրաստած թղթածրարին էութեան դէմ ենք։ Թուրքիոյ մէջ Քրտական հարց մը գոյութիւն չունի։ Այս բոլորը հազար տարուան եղբայրութեան վրայ ստուեր թողելու կոչուած պնդումներ են, եւ սխալ է ընթացք տալ անոնց։ Կարեւորը ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլն է։ Թուրքիան պէտք չէ թողուլ ուրիշներու պատրաստած ծուղակին մէջ։ Այսօր Ճէ-Հէ-Փէ եւ Ա-Գէ-Փէ Իմրալըի ոճրագործին հետքերուն վրայէն կը քալեն։ Եւ ասիկա ամօթալի կացութիւն մըն է»։

http://www.normarmara.com/marmara.htm

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ