«Քրտական հարցը լուծելու երկու միջոցներէն մէկը բոլոր քիւրտերը սպաննել է»:
Մարտինի անկախ երեսփոխան, Տէ-Թէ-Քէի ընդհանուր նախագահ, քրտական շարժումի դրօշակիր Ահմէտ Թիւրք երէկ ըրաւ հետաքրքրական յայտարարութիւն մը Քրտական հարցը լուծելու կապակցութեամբ։ Թիւրք, որ պարբերաբար նմանօրինակ ցնցիչ ելոյթներ կ՚ունենայ եւ որ սակայն յայտնի է որպէս չափաւոր գաղափարներ արտայայտող քաղաքագէտ, ըսաւ, որ Քրտական հարցը լուծելու երկու միջոցներ կան։ Առաջինը` Քիւրտ ժողովուրդին նկատմամբ արդար, հաւասար իրաւունքներու ու իրաւագիտութեան վրայ հիմնուած մերձեցում մը ցոյց տալն է։ Իսկ երկրորդը՝ բոլոր Քիւրտերը սպաննելն է։
Թիւրք այս սրտցաւ արտայայտութիւնը ունեցաւ Տիյարպաքըրի մէջ սարքուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։ Ան այս կերպով իր մտածումը կը ցոլացնէր Էրտողան-Քըլըճտարօղլու վերջին հանդիպումով կրկին արծարծուած քրտական հարցի առընչութեամբ։ Թիւրք քննադատելի գտաւ կառավարութիւնը։
Թիւրք ըսաւ, որ Քիւրտերը կը շարունակեն պահանջել ազատութիւն ու յարակից իրաւունքներ, ան շարունակեց սապէս.
«Մեծայարգ վարչապետը պէտք է տեսնէ, որ քիւրտերը ժողովուրդ մը կը կազմեն։ Քիւրտերը ժողովուրդ ըլլալու գիտակցութեամբ է, որ քաղաքականութիւն կը մշակեն ու կը պայքարին։ Եթէ իսկապէս կը ցանկաք լուծում մը գտնել Քրտական հարցի համար, ասիկա կարելի կ՚ըլլայ երկու միջոցառումներով։ Կամ այն է, որ Քիւրտերուն համար կը ճանչնաք արդար ու համահաւասար իրաւունքներ ու ընդունելի վերաբերում ցոյց կուտաք, կամ կը սպաննէք բոլոր Քիւրտերը ու այս հարցը կը փակէք այս կերպով։ Ուրիշ միջոց չկայ։ Եթէ այսօր մինչեւ իսկ Քիւրտ մայրերու որովայնին մէջ գտնուող եւ տակաւին աշխարհ չեկածները չսպաննէք, Քիւրտերը վաղը ազատութեան պայքար պիտի մղեն եւ պիտի խօսին Քրտական հարցի մը մասին։ Այս պատճառաւ է, որ բարոյական մերձեցում` չէ ըսել, որ «քրտական հարց չկայ, քիւրտ եղբայրներուս հարցը կայ»։ Ասիկա գիտական մերձեցում մը չէ եւ բացարձակապէս չի նպաստեր հարցի լուծման»։
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ահմէտ Թիւրք կոչ ըրաւ նաեւ քիւրտերուն ու զանոնք հրաւիրեց միութեան ու միասնութեան։ Թիւրք սապէս շարունակեց.
«Քիւրտերու պայքարը միայն Թուրքիոյ Քիւրտերուն համար չէ, որ կարեւոր է։ Այս պայքարը կը շահագրգռէ չորս տարբեր պետութիւննփեր, որոնք են Իրան, Իրաք, Սուրիա ու Թուրքիա։ Ուրեմն` քիւրտերը, այս ճշմարտութիւնը տեսնելով, պարտաւոր են ամէն ինչ ընել, որպէսզի աւելի ուժեղ միութիւն մը կազմեն ու զարգացնեն երկխօսութիւնը։ Այս նպատակով մայր ընդդիմադիր կուսակցութիւնն ու իշխանութեան գլուխ գտնուող կուսակցութիւնը հանդիպում մը ունեցան, բայց անոնք տարբեր մերձեցում մը դրին մէջտեղը։ Ուշադրութեամբ կը հետեւինք։ Անշուշտ որ մեր նպատակը խաղող ուտելն է։ Իսկ մեծայարգ վարչապետը կ՚ուզէ խաղող ուտել` այգեպանը բանտ նետելով»։
Leave a Reply