Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած եւ դատուող 600 լրագրողներ կան

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած կամ դատական հետաքննութեան մէջ գտնուող մօտաւորապէս 600 լրագրողներ կան. այս մասին թրքական «Սոնտաքիքա» լրատուական կայքին փոխանցած է «Ազատութիւն լրագրողներուն» թրքական խմբակի ղեկավար եւ Թուրքիոյ լրագրողներու միութեան նախագահ Էրճան Իփեքճին:

«Ազատութիւն լրագրողներուն» խմբակը երեքշաբթի` յունիս 5-ին, Պոլսոյ արդարադատութեան պալատին աջեւ լրագրողները ազատ արձակելու պահանջով նստացոյց մը կատարած էր. նիստը շարունակուեցաւ նաեւ չորեքշաբթի օր: Իփեքճի լրագրողներուն յայտնած է, թէ Թուրքիոյ բանտերուն մէջ ներկայիս կան 102 լրագրողներ:

http://asbarez.com/arm/132530/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ