Ազատ արձակուած է Տինքի սպանութեան տարելիցի ընթացքին ցուցարարը վիրաւորած ոստիկանը

Հանգուցալուծուած է Հրանդ Տինքի սպանութեան առաջին տարելիցի ընթացքին ցուցարարներուն դէմ կրակ բացած ոստիկանին դատավարութիւնը. դատարանի դահլիճէն ան ազատ արձակուած է:

Ոստիկանին բացած կրակէն վիրաւորուած էր պետական ծառայող Քեմալեթթին Ռըտւան Եալըն: Իսկ Եալընը վիրաւորած ոստիկանը դատապարտուած է 17.5 ամսուան ազատազրկման, սակայն դատարանը հաշուի առնելով դատավարութեան ընթացքին անոր օրինաւոր վարքագիծը, զայն նոյն նիստերու դահլիճէն ազատ արձակած է:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Ռատիքալ»-ը, այս գործին մէջ ուշագրաւը այն է, որ Եալընի վրայ կրակած ոստիկանը դատավարութեան ամբողջ ընթացքին գրեթէ չէ ներկայացած դատարան:

Կրակոցի հետեւանքով ոտքը կոտրած Եալընին, հիւանդանոց, պարբերաբար ոստիկաններ այցելած են, հայհոյած եւ ասած` ի՞նչ գործ ունէիր հայազգի Տինքի նուիրուած ցոյցին:

Հիւանդանոցէն դուրս գրալէն ետք ոստիկանները անոր տուն ներխուժած են եւ սկսած պայթուցիկ որոնել, սակայն ոչինչ գտնելով հեռացած են:

Աւելին` Եալընի դէմ քրէական գործ յարուցուած է` պետական գոյքը վնասելու եւ ոստիկանութեան դիմադրութիւն ցոյց տալու մեղադրանքով:

Ի վերջոյ` Սթամպուլի 18-րդ ծանր յանցագործութիւններու դատարանին մէջ դատական գործ յարուցուած է նաեւ կրակող ոստիկան Մուհամմետ Կիշիի դէմ: Հակառակ ոստիկանին դէմ եղած ցուցմունքներուն, որ տեսած են, թէ ինչպէս ան հանած է զէնքը եւ կրակած ցուցարարներու ուղղութեամբ, Կիշի յայտարարած էր, որ զնէքը կրակած է պատահմամբ, երբ ինք կռացած եղած է:

«Մարդը երբեւէ դատավարութեան ներկայ չէ եղած, սակայն դրական կեցուածքով պայմանաւորուած, պատիժը նուազեցած է:

Երեւի եթէ մասնակցէր դատավարութեան, պատժուողը մենք պէտք է ըլլայինք»,-մեկնաբանելով դատավճիռը` ըսած է Եալըն:

http://tert.am/hy/news/2012/06/04/hrant-dink/?sw

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ