Ճէ-Հէ-Փէի նախկին Կուսակցապետի Տեղակալ եւ Իսթանպուլի երեսփոխան Կիւրսէլ Թէքին Պուրսայի մէջ, երբ հարսանիքի կը մասնակցէր, կառավարութեան դէմ խօսեցաւ` պնդելով, որ կառավարութիւնը, ամէն օր նոր ու անտեղի նիւթեր մէջտեղ դնելով, կը ջանայ մոռացումի տալ օրակարգին բուն նիւթերը։ Այս անտեղի ու աւելորդ նիւթերէն մէկն ալ «Քիւրթաժ»-ի հարցով ստեղծուած նոր մեծ բանավէճն է։ Կիւրսէլ Թէքին այս նիւթի շուրջ կտրուկ կարծիք յայտնեց ու ըսաւ, որ մարդիկ իրենց մարմինը կը գործածեն իրենց ուզածին պէս, ոչ մէկը իրաւունք ունի միջամտելու մարդոց այս ազատութեան։
Կիւրսէլ Թէքին, որ առիթը յարմար նկատած էր, երբ հարսանիքէն առաջ իր դիմացը գտած էր լրագրողները, յիշեցուց նահատակներու առընչութեամբ բացուած բանակցութիւններու առիթով կուսակցապետ Քըլըճտարօղլուի ըրած այն յայտարարութիւնը, թէ «Մայրերը թող չլան այլեւս»։ Թէքին պնդեց, որ մայրերը կը շարունակեն լալ, վերջին երեք ամիսներու մասին երկիրը տուաւ աւելի քան 150 նահատակներ, թէեւ ասոնք գաղտնի պահուեցան հանրային կարծիքէն։ Այս նիւթի շուրջ պէտք է, որ Խորհրդարանը շարժման անցնի, Ճէ-Հէ-Փէ կուսակցութիւնը այդ ուղղութեամբ դիմում կատարեց, բայց յայտնի չէ, թէ վարչապետը ինչպէս պիտի դիմաւորէ այս առաջարկը։
Թէքին Վարչապետ Էրտողանին հասցէին շատ խիստ մեղադրանք յառաջ քշեց` անդրադառնալով նաեւ Ուլուտէրէի մէջ գործադրուած սպանդին։ Եթէ Վարչապետը ընդունեց, որ Ուլուտէրէն սպանդ մըն էր, ուրեմն այդ սպանդին առաջին պատասխանատուն Վարչապետ Էրտողանն է, ըսաւ Թէքին։ Թէքին իր այս պնդումը արդարացուց այն յիշեցումով, թէ Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս կատարուած բոլոր գործողութիւններուն թիւ մէկ պատասխանատուն երկրին վարչապետն է։
Թէքին աւելի վերջ դիտել տուաւ, որ երկիրը կը տառապի բազմաթիւ հարցերէ, եւ կատարուած անքէթի մը համաձայն` երկրի բնակչութեան 80 տոկոսը դժբախտ է, միայն 20 տոկոսն է, որ ինքզինք երջանիկ կը զգայ։
Leave a Reply