Վրաստանի ընդդիմութիւնը եւ հասարակական կազմակերպութիւնները զայրացած են թրքական դասագիրքերուն մէջ` Պաթումը իբրեւ Թուրքիոյ «գրաւեալ» տարածք ներկայացնելու փաստին պատճառով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ռեկնում» գործակալութիւնը, վրացական ընդդիմադիր «Ազատ Վրաստան» կուսակցութիւնը եւ հանրային հատուածի ներկայացուցիչները դիմած են Վրաստանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Լեւենթ Մուրատ Պուրհանին եւ յոյս յայտնած, որ թրքական դասագիրքերուն մէջ տեղ գտած սխալը կ’ուղղուի:
Դասագիրքին մէջ կը նշուի, որ Վրաստանը 1918-ին «գրաւած է» Թուրքիոյ տարածք համարուող Պաթումը:
Ընդդիմադիր կուսակցութեան մամուլի ծառայութիւնը յայտարարութիւն տարածած է` թրքական կողմին յիշեցնելով, որ պատմական բոլոր աղբիւրներուն մէջ դեռ 8-րդ դարէն Պաթումը կը գտնուի Աճարիոյ կազմին մէջ եւ կը ղեկավարուիլ Բագրատունիներու կողմէ:
http://tert.am/hy/news/2012/05/31/batumi/
Leave a Reply