ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու»- Տիարպեքիրի դատախազութիւնը հինգշաբթի` Մայիս 31-ին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան քաղաքային թեւը համարուող Քիւրտիստանի համայնքներու միութեան հետ կապեր ունենալու «յանցանքով» պահանջած է Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ եւ Խաղաղութիւն ու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Սալահետտին Տեմիրթաշի եւ 7 այլ քիւրտ պատգամաւորներու պատգամաւորական անձեռնմխելիութիւնը խլել: Նոյն հիմնաւորումով եւ մեղադրանքներով, Թուրքիոյ մէջ աւելի քան 4000 քիւրտեր եւ անոնց համակիրներ ձերբակալուած են. անոնցմէ մէկն էր նաեւ Ռակըպ Զարաքօլուն:
http://asbarez.com/arm/132013/
Leave a Reply