Գերմանիոյ մէջ թուրքիոյ դեսպանը հայկական եկեղեցի կ՛այցելէ

Գերմանիոյ մէջ  Թուրքիոյ դեսպան Հուսէյն Աւնի Քարսլըօղլու հանդիպում ունեցած է Քէօլնի պոլսահայ համայնքին հետ: Ան զրուցած է Գերմանիոյ հայկական համայնքի հոգեւոր հովիւ Գարեգին Բեքչեանի հետ:

Թրքական «Սոնտաքիքա» կայքէջին համաձայն, թուրք դեսպանը հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հայկական քոնեաք խմած է եւ հիւրասիրութեան մասնակցած, ապա շրջած եկեղեցւոյ մէջ:

«Ինծի համար կարեւոր չէ ինչ համայնքի զաւակներ ըլլալնիդ, ես կը հետաքրքրուիմ Թուրքիոյ բոլոր քաղաքացիներով։ Մենք պէտք է հասկնանք, որ աշխարհը փոխուած է։ Անցեալին որոշ ցաւեր եղած են եւ բոլորս իրարու ըսելիքներ ունինք, սակայն մենք պէտք է նաեւ ապագային նայինք», ըսած է ան։

Գարեգին Բեքչեան, իր կարգին, գոհունակութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ հայկական եկեղեցիներու վերադարձին վերաբերող օրէնքին առնչութեամբ: Ան դեսպանին նաեւ նուիրած է գիրք մը՝ Թուրքիոյ հայերուն մասին:

Անդրադառնալով այս այեցլութեան, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի վարիչ Պետօ Տեմիրճեան հետեւեալ նշումը արձանագրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջի վրայ.  «Թրքական խաղ է այս: Հարիւրամեակի նախօրէին, սկսած են «սիրաշահիլ» հայ համայնքները, նամանաւանդ հոն, ուր Թուրքիայէն հայ գաղութի թիւը բարձր է: Ջանք կը թափուի թրքահայ համայնքին մօտենալով, անոնց հետ «երկխօսութեան մտնել, զրուցել, եւ այնպէս մը ներկայացնելով՝ որ անոնք են միայն իրաւասու ներկայացուցիչները հայ գաղութին: Պէտք է զգոյշ ըլլալ գառնուկի հագուստ հագած գայլէն»:

http://asbarez.com/arm/131951/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2012
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930  

Արխիւ