Կիրակի Ապրիլ 1-ին Ծաղկազարդ է, այս առիթով մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ հրապարակուած Սարգիս Սերոբեանի անդրադարձը.
Ապրիլը կու գայ… Թէեւ ցուրտն ու ձմեռը դեռ բոլորովին չհեռացան մեր այս կողմերէն, բայց ուր որ է գարունը կիսեցինք եւ ահա անգամ մը եւս վերածնաւ այս երկար ձմրան ընթացքին մահացած բնութիւնը եւ զուգուեցան ու զարդարուեցան ծառ ու ծաղիկ, սար ու ձոր:
Ապրիլ 1-ը Ծաղկազարդ է, կամ ալ ժողովրդական բարբառով՝ Զարզարդար, ուրեմն յատկացուած է Զարդարներուն, Զարդուհիներուն, Ծաղիկներուն, Մանուշակին, Յասմիկին, Նարկիզին, Լիլային կամ Լիլիանին եւ Ովսաննային:
Ապրիլ 7-ը՝ Աւագ Շաբաթ օր, ճրագալոյսն է Ս. Զատկի եւ Աւետումն Ս. Աստուածածնի, որով կը տօնենք Աւետիսի ու նմաններուն անունները, իսկ հետեւեալ օր՝ Ս. Զատիկը բոլոր Յարութիւններու անուան տօնախմբութեան օրն է:
Բայց վերադառնանք Ծաղկազարդին, ու տեսնենք, որ հայ քրիստոնեայ ժողովուրդը ինչպէս կը դիմաւորէր այս հին տօնը: Հայաստանի մէջ, նորապսակ երիտասարդները, նշանուած տղաքը Շաբաթը Կիրակիին կապող գիշերը կը կտրատէին նոր բողբոջած ուռենիները ու կը բերէին եկեղեցի, զարդարելու համար տաճարին ամէն կողմերը: Մինչ այդ անչափահաս պատանիներն ալ տաճարի մուտքն ու խորանը կը զարդարէին ծաղիկներով: Ծաղկազարդին, ձմեռուան հագուստները կը փոխուէին գարնանայիններով եւ դեռատի աղջիկները եկեղեցի կու գային իրենց հաւաքած ծաղիկներով ու ցորենի հասկերով:
Ապա քահանան կ’օրհնէր ուռենիի ճիւղերը, որոնք պատարագէն ետք պիտի բաժնուէին եւ տուներու մէջ պիտի պահուէին մինչեւ յաջորդ Ծաղկազարդ: Տերեւներուն կը վերագրուէր չարխափան եւ առատացնող զօրութիւն եւ ամէն առիթով կը գործածուէր ամբողջ տարին:
Այդ ճիւղերուն այժմ կը փոխարինեն ձիթենիի ճիւղերը, քանի որ Հայաստանի կլիման յարմար չէր ձիթենի հասնելու համար, իսկ ուռենիի տերեւներն ալ շատ նման էին ձիթենիի տերեւներուն:
Ջուրի Աստուած Թերափի տօնն էր Զարզարդարը.
Ծաղկազարդի նախօրեակին, երբ թղթատեցինք Պարտիզակցիի Անգիր Դպրութիւնը, հանդիպեցանք հին ծանօթի մը, որ անհամար անուններ ունենալով հանդերձ, Վահան Վարդապետ զայն կը կոչէր ընդհանրապէս «Թերափ»: Ուրեմն, Պարտիզակցիի իր իսկ խօսքերով նախ ծանօթանանք լաթէ պուպրիկ Թերափին, որ հաւանաբար կը ներկայացնէր հին-հին դարերու հայոց ջուրի աստուածաթիւնը.-
Թերափ կը կոչուին այն առտնին (չ)աստուածները, որոնք մեր պապերուն ու մամերուն եւ մեր ճիժ-պիժերուն պաշտելի սիրեկան ու ծիծաղելի զբօսանք կառքիկներն ու արձանիկներն են: Միւս կողմէ, ըստ առասպելի, Նոյ նահապետի աղջիկն ըլլալուն համար, ջրհեղեղէն ետք ծնած Թերափին օրօրոցին մէջ պառկած ու քնացած է Մանուկ Յիսուսը:
Թերափի ի պատիւ, հանդէսները Տէրընտասի եւ Ծաղկազարդի անդաստաններով կը սկսին ու կը վերջանան Խաչվերացի անդաստանով, այսինքն՝ գարունէն մինչեւ աշուն: Բայց Թերափին մեծահանդէս տօնն է Ծաղկազարդը կամ Զարզարդարը:
Եւ ինչո՞ւ տօն պիտի չունենար Թերափը, քանի որ մեր Միհրն ու Տիրը ունին Տէրընտասը: Եթէ կրակն իր յատուկ Աստուածը ունէր, Նոյի աղջիկ՝ Թերափը, այլ խօսքով՝ ջուրը ինչո՞ւ իր յատուկ Աստուածը չունենար: Չէ’ որ Թերափին աչքերէն կը ցօղեն անձրեւի կաթիլներ, ուրկէ է շաղն ու ցօղը: Թերափը գթած է, այնքան գթած՝ որ երաժշտութեան ատեն երբ կ’արտասուէ, անոր արցունքով թրջուած հողէն իսկոյն կը ծլին ու կը ծաղկին բոյս եւ դալարի: Եթէ հարցուի թէ անունն ի՞նչ է, այլ տեղեր Նարի կամ Հարի ալ կ՛ըսեն Թերափին, իսկ Տարօնոյ մէջ եւ այլուր՝ Խուճկուրուրիկ, ի Ակն եւ այլուր Ճիճի-մամա, Պարտիզակի մէջ եւ այլուր ճիճի-մամա…
Գիտէ՞ք Թերափս ինչ է: Խրձիկ (պուպրիկ) մը, ըստ մշեցիներու ասացուածքին, որ հանդէս կը հանուի միայն երաժշտութեան ատեն, որ երկինք անձրեւէ:
Թերափիս շապիկն է լուսակերտ, իսկ մէջքի գօտին է ծիածանը: Չէ՞ք գիտեր որ ծիրանի գօտին անձրեւելու նշան է:
Ծաղկազարդի օր մշեցի լամուկներ (փոքր տղաք) մարդաձեւ խրձիկ մը (պուպրիկ) կը շինեն, որուն կ՛ըսեն Խուճկուրուրուկ: Անոր երեսը ճերմակ լաթով կը պատեն, վրան աչք ու քիթ եւ այլն կը նկարեն, մէջքէն գօտի կը կապեն եւ գոյնզգոյն լաթերով կը զարդարեն: Երեսի լաչակէն ուլունքներ եւ պսպղուն փուլեր կը կախեն, գլուխը ծաղիկներով կը պսակեն, յետոյ երգելով ու պարելով այս հարսնացուն փողոցէ փողոց կը պտտցնեն եւ պատուհաններէ ու երդիքներէ ջուր կը սրսկուի անոր վրայ:
Իսկ այլուր, փոքր տղու մը ձեռք խաչափայտի ձեւով ձող մը կու տան, զայն լաթերով զարդարելէ ետք՝ հին պարեգօտով մը կը կապեն մէջքը, ետքն ալ կը պտըտցնեն փողոցէ փողոց, երգելով Ճիճի մաման տեսնողները հաց, դրամ եւ այլն կու տան տղոց, ու անոր վրայ ջուր կը սրսկեն, կը թրջեն, հաւատալով, որ երկինք կ՚անձրեւէ:
Սեբաստիոյ մէջ Թերափը կը կոչուի Շար-մազ, որ խոտով լեցուած տղեկ մըն է, իսկ Վանայ գիւղերուն մէջ թերափն է ցախաւելը, որուն ծայրը կը փաթթեն քուրջեր, եւ գոյնզգոյն ծաղիկներ ու խոտեր: Գիւղէ գիւղ պտտելէ ետք երեկոյեան մթնշաղին ցախաւելը լուսաղբիւրի մը գուռին (աւազանին) մէջ կը ձգեն, որ թրջուի եւ երկինք անձրեւէ, յետոյ ալ մատաղ մը կ՛ընեն վանքի մը մէջ կամ խաչմանուկի քարի մը առջեւ:
Ագտալիզին մէկ փետուրր՝ Խումպապա.
Նախապէս ծանօթացած էինք Մեծ Պահքի Ագտալիզին, որ ձեղունէն կամ երդիքէն կախուած սոխ մը կամ խմորի գունդ մըն էր՝ վրան եօթը փետուրներով: Տղայ մը կը բարձրանար եւ ամէն շաբաթ փետուր մը կը հանէր ու վար կը նետէր, որուն կը նայիէն թէ գլխիվար կ՚իյնայ կամ ոչ, գուշակելու համար գալիքը:
Ագտալիզը այլ տեղեր Պոզ ձիաւոր, Չոփի չաւուշ, Խախուլիկ եւ այլ անուններ կ՚առնէ:
Իսկ ամէն մէկ փետուրն ալ ունի իր անունը, որոնցմէ մին ալ կը կոչուի՝ «Խումպապա»:
Հայոց հողի պաշտպան աստուածութիւնը.
Խումպապան փոքր աստուածութիւն մըն է, որուն կեանքը 49 օր է, նման Հայաստանի մէջ մինչեւ այսօր խումպապա կոչուած բոյ-սին: Բոլորիս ծանօթ է ամէն գարնան դաշտերու մէջ առատ աճող այդ խոտը: Գունդ մըն է, որուն երբ ուժգին փչես, ցիրուցան կ՚ըլլայ եւ կը մնայ միայն ցօղունը: Բայց ուրկէ ուր իր անունը: Մեր հին գրածներէն ընթերցողը եթէ կը յիշէ, պատմած էինք, որ Շումէրներու 5-րդ թագաւորը՝ Կիլկամէշ, իր ընկերոջ՝ էնգիտուի հետ, անմահութեան գաղտնիքը գտնելու համար, երբ կը ճամբորդէր դէպի Ուրուք (Եփրատ) գետի ակունքներ՝ դէպի՝ Արատտա, իրենց ճամբուն վրայ հանդիպեցան երկրին պաշտպան աստուածութեան մը, անունը Խումպապա, զոր սպաննեցին իրենց ճամբան բանալու համար: Հարցումով մը վերջացնենք. Գիտէի՞ք որ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուող այդ փոքր աստուածութեան անունը՝ Խումպապան, մինչեւ այսօր գարնան խոտի մը, որ ամէն գարնան կը վերածնի ու աշնան կը մեռնի, եւ Ագտալիզի վաղամեռիկ փետուրներէն միոյն մէջ պահող միակ ժողովուրդը հայերն են:
Բայց մեր սիւնակը արդէն վերջացաւ: Բոլորիդ ուրախ Զարզարդար:
Նշենք, որ Ծաղկազարդը` տարիներ առաջ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ հռչակուած է նաեւ իբրեւ մանուկներու օրհնութեան օր:
Այդ օրը Ս. Պատարագի աւարտին բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի մանուկներու օրհնութեան յատուկ արարողութիւն: Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ, հանդիսապետութեամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, մանուկներու օրհնութիւն տեղի պիտի ունենայ նաեւ ժամը 10.00-ին:
Մայր Աթոռի մէջ, Ս. Պատարագէն ետք, մանուկներու համար պիտի իրականանայ նաեւ կավճանկարի մրցոյթ:
http://tert.am/hy/news/2012/03/31/dzaghgazart/
Leave a Reply