Մենք այսօր չունինք աւելի արդիական հարց, քան Հայ Դատի աշխատանքը. Երեւանի մէջ մեկնարկեց Հայ Դատի խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերը Երեւանի մէջ կը քննարկեն ՀՀ մարտահրաւէրները։

Այսօր մեկնարկեց Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայ Դատի յանձնախումբերու Երեւանի մէջ գումարուած 4-րդ եռօրեայ խորհրդաժողովը, որուն կը մասնակցին Հայ Դատի աւելի քան 25 յանձնախումբերու անդամներ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Օրակարգին վեց հարցեր էին, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ պահանջատիրական պայքարի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները, հայ-թրքական յարաբերութիւնները, Արցախի միջազգային իրաւական ճանաչման եւ բանակցային գործընթացի, Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ պայքարի հիմնախնդիրները, ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ նախաձեռնութիւնները:

Հայ Դատի Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան իր զեկոյցին մէջ անդրադարձաւ Խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ Հայ Դատի խնդիրներուն: Խօսելով խորհրդարանական դիւանագիտութենէն` բանախօսը նկատեց, որ այսօր, ընդհանուր առմամբ, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ ընդհանրապէս միւս երկիրներու յանձնաժողովներու ներկայացուցիչները պատրաստ չեն դիւանագիտական աշխատանքներու` առարկայական եւ իրական պատճառներով: Ըստ անոր` յանձնաժողովները կազմուած են այնպիսի մարդոցմէ, որոնք լաւ չեն տիրապետեր թեմաներուն:

«Թուրքական եւ ատրպէյճանական լոպպին աշխատում են այլ միջոցներով` հիմքում ունենալով նիւթականը: Այս առումով մենք պէտք է հասկանանք, որ չենք կարող մրցել նրանց դաշտում, նուէրների, նիւթական շահերի ասպարէզում: Մեր աշխատանքը հիմնուած է բարոյական, գաղափարական հենքերի վրայ»,- ըսաւ ան:

Խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը, այդուհանդերձ, ան համարեց կաեւոր միջոց` ներկայացնելու հայկական շահերը:

Վահան Յովհաննիսեան իր կարծիքը յայտնեց այն հարցադրման հետ կապուած, թէ արդեօք Հայ Դատի աշխատանքները այսօր արդիական են, թէ ոչ, եւ արդեօք ժամանակը չէ աշխատելու միայն ներքին հարցերով: «Իմ պատասխանը շատ յստակ է, մենք այսօր չունենք աւելի արդիական հարց, քան Հայ Դատի աշխատանքն է, քանի որ հէնց ներքին, հասարակական հարցերը, ի վերջոյ, ածանցեալ են այն հսկայական ողբերգութեանը, ինչպիսին ցեղասպանութեան հարցն է»,- նշեց ան:

Վահան Յովհաննիսեան իբրեւ Հայ Դատի կարեւոր խնդիր, առանձնացուց երեք հարց` Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, Հայաստանի տնտեսական վիճակի բարելաւման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը: «Պէտք է գտնել բանաձեւեր, ճշգրիտ ձեւով ապահովելով դրանց կշիռը` ճշգրիտ լուծումեր գտնել: Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ինչքանո՞վ է նպաստում դրան: Ցաւօք միշտ չէ: Հայ Դատի գրասենեակները պէտք է աշխատեն ճիշդ, իտէալական դիւանագիտութեամբ, այդ սայթաքումները շտկելով»,– ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրները` նշելով, որ Հայ Դատը հարուստ փորձ ունի եւ չօգտուիլ անկէ` պիտի ըլլայ շատ մեծ սխալ իւրաքանչիւր իշխանութեան համար:

Ռուստամեան այն կարծիքը ունի, որ Ռուսաստան նկատեց այն մարտավարութիւնը եւ այն կաշկանդուածութիւնը, որ առկայ է պաշտօնական դիւանագիտութեան մէջ: «Հայ Դատի գաղափարախօսութեան հիմքում դրուած է պահանջատիրութիւնը: Պէտք է արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի հիմքում դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան հարցում անքակտելի մաս համարուի ոչ միայն ճանաչման , այլ հատուցման խնդիրները: Դրանից չպէտք է վախենալ, քանի որ մենք պէտք է հասկանանք, որ մենք անխոցելի ենք, քանի որ արդարացի ենք»,- ըսաւ ան:

Հայ-թրքական եւ Ղարաբաղեան հարցով ան միասնական գործելու կոչ ուղղեց: «Մենք չպէտք է կատարենք քայլեր, որ մեր ձեռքից բաց թողնենք մեր հնարաւորութիւնները, եւ այդ քայլերով չփակենք ճանապարհները»,- ըսաւ ան եւ իբրեւ կարգախօս նշեց, որ Հայաստան պէտք է զարգանայ` չզիջելով:

Յանձնաժողովը, բացի վերը նշուած հարցերէն, առանձին ուղղութեամբ քննարկման պիտի դնէ նաեւ «Մերձաւոր Արեւելքի վերջին զարգացումները, Թուրքիոյ դերակատարութիւնը եւ Հայ Դատի աշխատանքներու նոր մարտահրաւէրները» թեմաները:

Վահան Յովհաննիսեան իր կարծիքը յայտնեց այն հարցի մասին, թէ արդեօք Հայ Դատի աշխատանքները այսօր արդիական են, թէ՝ ոչ, եւ արդեօք ժամանակը չէ՞ աշխատելու միայն ներքին հարցերով: «Իմ պատասխանը շատ յստակ է, մենք այսօր չունենք աւելի արդիական հարց, քան Հայ Դատի աշխատանքն է, քանի որ հէնց ներքին, հասարակական հարցերը, ի վերջոյ, ածանցեալ են այն հսկայական ողբերգութեանը, ինչպիսին ցեղասպանութեան հարցն է»,- նշեց ան:

 http://tert.am/hy/news/2012/03/30/hay-dat/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ