ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Լուսարձակի տակ առնելու համար Թուրքիոյ քաղաքական հոլովոյթը, անհրաժեշտ է ճանչնալ անոր կուսակցութիւններն ու անոնց գործընթացը: Ատելութենէ եւ վրէժխնդրութենէ հեռու ըլլալու միտումով, սակայն, որպէս պահանջատէր եւ փանթուրքիզմեան ծրագիրներու տեւական վտանգի մատնուած ժողովուրդ, հարկ է քաջ գիտնալ Թուրքիոյ մէջ եւ դուրսը գործող ազգայնամոլ եւ ցեղապաշտ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը (MHP), որ իր արժանավայել տեղը կը գրաւէ Թուրքիոյ առաջնակարգ կուսակցութիւններուն շարքին: Այստեղ անհրաժեշտ կը նկատենք անմիջապէս ըսել, որ ան իր գործունէութիւնովը աշխուժօրէն թափանցած է Թուրքիոյ սահմաններէն դուրս նաեւ՝ թրքական հանրապետութիւններ, Եւրոպա, յատկապէս՝ Հոլանտա, Պելճիքա, Գերմանիա, իսլամական եւ արաբական կարգ մը երկիրներ, Միացեալ Նահանգներ եւ վերջապէս հոն, ուր թուրք կը գտնուի:
Սակայն անմիջապէս դիտել տանք, որ ազգայնամոլական տրամադրութիւնները եւ հակումները միշտ ալ լայն տարածում ունեցած են թրքական հասարակութեան մէջ: Հետեւաբար Oսմանեան կայսրութեան բռնի թրքացման քաղաքականութիւնը որդեգրուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կողմէ:
Այս իսկ պատճառով է, որ Թուրքիոյ մէջ փանթուրքիզմի գաղափարախօսութիւնը կրողներու եւ իրականացնողներու մէջ, առհասարակ, մեծ թիւ կը կազմեն քաղաքական գործիչները, պաշտօնեաները, «գիտնականեր», «մտաւորականները»:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պարագան կը զատորոշուի Թրքական միւս կուսակցութիւններէն, թէեւ ընդհանրապէս բոլորն ալ թուրքիզմ կը քարոզեն (բացառաբար քրտական եւ քանի մը կուսակցութիւններէ): Այս հիմնական ու կենսական նպատակով է, որ կ’ուզենք ակնարկ մը նետել եւ հակիրճ ձեւով ծանօթացնել փանթուրքիզմի թունդ ժառանգորդ, բազմաբեղուն աշխատանք ծաւալած վերոնշեալ կուսակցութեան՝ իր զանազան երեսներով:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն (MHP – Միլլիյէթճի հարէքէթ փարթիսի), Թուրք ծայրայեղ աջակողմեան կուսակցութիւն մըն է, որուն հիմնադիրն է Ալփարսլան Թիւրքէշ՝ բուն անունով Հիւսէյն üէյզուլլահ (Ali Arslan, Alparslan Türkeş, 1917-1997):
Փանթուրքիզմի ծրագիրները եթէ անցեալին իրագործած էին բժիշկ Նազըմը, Էնվէրը եւ անոնց խմբակը՝ Թուրքիստան, Աֆղանիստան եւ կամ այլ տեղեր, ապա յետագային Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը, Րաուֆ Պէյը, Զիյա Կէօքալփը՝ Թուրքիա: Ասոնց բոլորին արիւնով տոգորուած, շաղախուած՝ ծնունդ պիտի առնէր Ալփարսլան Թիւրքէշը, որ պիտի գործէր աւելի մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ, ցեղապաշտութեամբ, այս անգամ ոչ թէ Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, այլ ո՜ւր որ թուրք գոյութիւն ունէր:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը սկիզբ կ’առնէ զանազան հանգրուաններով, երբ Թիւրքէշ 1965-ին, երեք ուրիշ նախկին աքսորեալներու հետ միասին, մտաւ Հանրապետական գիւղացիական ազգայնական կուսակցութեան (CKMP) մէջ եւ ընդամէնը երկու ամսուան ընթացքին կրցաւ կուսակցութիւնը իր հակակշռին տակ առնել: Ան դարձաւ կուսակցութեան ղեկավարը եւ սկսաւ CKMP-ն, ըստ իր հայեցողութեան, կաղապարել: Ազգայնական վերոյիշեալ կուսակցութիւնը թրքական իր քաղաքականութեան վերիվայրումներուն պատճառով անունը յաճախ փոփոխութեան ենթարկած է:
24-25 նոյեմբեր 1967-ին Հանրապետական գիւղացիական ազգայնական կուսակցութեան hամագումարին Ալփարսլան Թիւրքէշի հեղինակութեամբ ծանօթացուած է կարեւոր մէկ գիրք՝ «Տոքուզ ըշըք» (ինը ջահեր): «Ինը ջահեր»-ը վարդապետութիւն (ուսմունք) մըն է, որ կը բաղկանայ հետեւեալ սկզբունքներէ.
– «Միլլիյէթճիլիք» (Ազգայնականութիւն):
– «Իւլքիւճիւլիւք» (Իտէալիզմ)
– «Ահլաքճիլիք» (Բարոյականութիւն):
– «Իլիմճիլիք» (Գիտութիւն-գիտականութիւն):
– «Թոփլումճուլուք» (Համայնականութիւն):
– «Քէօյճիւլիւք” (Գիւղացիութիւն):
– «Հիւրրիյէթճիլիք վէ շահսիյէթճիլիք» (Ազատութիւն եւ անհատականութիւն):
– «Կելիշմէճիլիք վէ հալքճիլիք» (Զարգացում եւ ժողովրդավարութիւն):
– «Էնտուստրճիլիք վէ թեքնիքճիլիք» (Արդիւնաբերութիւն եւ ճարտարարուեստ):
«Ինը ջահեր»-ը գործունէութեան ինը կէտեր են կուսակցութեան համար եւ կը համարուի «իւլքիւճիւներ»-ու (իտէալիստներ) ուղեցոյցը: Այդ ջահերու բուն արմատները կը սեպուին մուսլումանութիւնը եւ թրքութիւնը (թուրքիզմ), թուրք անձի հանդէպ անվերջ սէր, յարգանք: Հետեւաբար այս մեկնակէտէն ճամբայ ելլելով է, որ «Ինը ջահեր»-ը կը պարունակէ ազգայնամոլութիւնը ու ցեղապաշտութիւնը: Այդ ծրագիրը «իւլքիւճիւներու» կը ներշնչէ սէր հայրենիքի, դրօշակի, մուսլումանութեան, թուրքիզմի նկատմամբ, եւ այդտեղէն ալ` սէր դէպի «Մեծ երազ»՝ «Մեծ Թուրան»:
8-9 փետրուար 1969-ին Հանրապետական գիւղացիական ազգայնական կուսակցութեան մեծ համագումարի ընթացքին ներկայացող ժողովի լիազօրներու զօրակցութիւնը վայելելով՝ կուսակցութիւնը կը վերանուանուի Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն (MHP): Անդրանիկ վարչական ժողովին կուսակցութեան զինանշան կ’որոշուի Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանէն «Երեք կիսալուսին», եւ նոյն նիստի ընթացքին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երիտասարդական թեւի զինանշանն ալ՝ «Կիսալուսինի մէջ՝ գայլ»:
12 սեպտեմբեր 1980-ին՝ Թուրքիոյ զինուորական պետական հարուածէն ետք՝ 16 հոկտեմբեր 1981-ին, MHP -ն փակուեցաւ, եւ ամբողջ ինչքերուն ձեռք դրուեցաւ:
Հետեւաբար Թուրքիոյ մէջ տիրեց քաղաքական անկայունութիւն, փակուեցան բոլոր քաղաքական կուսակցութիւնները, եւ կուսակցական ղեկավարներ եւ այլ խնդրայարոյց անձնաւորութիւններ բանտարկուեցան, քաղաքական արգելափակումի, տնային բանտարկութեան եւ այլ պատժական տնօրինումներու ենթարկուեցան:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մօտ անձեր 7 յունիս 1983-ին հիմնեցին Պահպանողական կուսակցութիւնը (Մուհաֆազագար փարթի, Muhafazakâr Parti): Վերոնշեալ կուսակցութիւնը 30 նոյեմբեր 1985-ին վերանուանուեցաւ Միլլիյէթճի չալըշմա փարթիսի (Ազգայնական գործի կուսակցութիւն, MHP – Milliyetçi Çalışma Partisi):
6 սեպտեմբեր 1987-ին՝ Ալփարսլան Թիւրքէշի քաղաքական արգելափակման բեկանման որոշումէն անմիջապէս ետք՝ 4 հոկտեմբեր 1987-ին, Ազգայնական գործի կուսակցութիւնը արտակարգ համագումարին Թիւրքէշը ընտրեց կուսակցութեան համանախագահ: 27 դեկտեմբեր 1992-ին 1979-ի պատգամաւորներով հաւաքուած MHP-ի ժողովականները, հակառակ կարգ մը խոչընդոտներու, կը լուծարեն MHP-ն:
24 յունուար 1993-ին Ազգայնական գործի կուսակցութիւնը (MHP – Milliyetçi Çalışma Partisi) կը գումարէ իր 4-րդ համագումարը, որուն ընթացքին ԱԳԿ-ն կրկին կը վերանուանուի Ազգայնական շարժում կուսակցութիւն, իսկ որպէս զինանշան կրկին կ’որոշուի «Երեք կիսալուսին»-ը. այսպիսով՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կը վերածնի:
Կուսակցութեան նոր ծրագիրը կը հիմնաւորուի Թիւրքէշի գրած «Տոքուզ ըշըք»-ի հիման վրայ:
Հիմնական գաղափարախօսութիւնը կը կայանայ իսլամ կրօնքի կաղապարած թուրք ազգայնականութեան հակակայսերապաշտ եւ հակահամայնավարական սկզբունքներէ: Ըստ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան՝ թուրքերու ազատութիւնը խորհրդանշող Գորշ գայլի նշանն ալ տեղ կը գրաւէ կուսակցութեան բոլոր բնագաւառներէ ներս:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ծրագրով առաջին նպատակ կը համարուի «Թուրք հաւաքականութեան ամէն մէկ անդամին աղբիւրը` իսլամ հաւատքը, բարոյականութեան եւ արժանապատուութեան, Թուրք ազգայանականութեան տեսլականի իւրացումը»: Ինչպէս նաեւ պարտք կը դրուի պետութեան վրայ. «Մեր պետութեան հիմնական պարտականութիւնն է մեր ազգութեան եւ ազգային մշակոյթին հիմնական շրջագիծը կազմող հզօր իսլամ կրօնքին յայտնի ճշմարտութիւնը ուսուցանել եւ ուսուցանել տալ» (կուսակցութեան ծրագիր, 1988, էջ 3 եւ 14):
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան դրօշակին վրայ երեք հաւասար չափով ճերմակ կիսալուսիններ կան, որ կը նշանակէ «Դրօշակ, Հայրենիք, Աստուած», որոնք զետեղուած են կարմիր դաշտի մը վրայ: Երեք կիսալուսիններու որպէս խոր իմաստ կը բացատրուի հետեւեալը. «Այս դրօշակի երեք կիսալուսինները նախ եւ առաջ դարեր շարունակ Օսմանեան կայսրութեան սիւները հանդիսացած են եւ փողփողած են ամէն ամրոցի ու բերդի վրայ: Իւրաքանչիւր կիսալուսինի մասին կարելի է մեծածաւալ գիրք գրել: Այդ երեք կիսալուսինները կը խորհրդանշեն Դրօշակ՝ Երկիր, Հայրենիք՝ Ազգ, Աստուած՝ Հաւատք: Աստուած ինք ուզած է, որ թուրք ազգը ազատ ու անկախ ապրի»: Աստուած ներկայացնող կիսալուսինը, ըսինք, կը նշանակէ «հաւատք»: Երկրորդ կիսալուսինը՝ «ազնուութիւն»: Երրորդը՝ «լաւ գործ»:
Արդ՝ այս դրօշակի յարաբերութեամբ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հիմնական նպատակներէն է թրքական հին կայսրութեան վերականգնումը: Բոլորիս ծանօթ է, որ ամէն քաղաքական շարժում կը սկսի երազով մը, իտէալով, տեսլականով մը:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կեդրոնը Անգարա է:
Կուսակցութեան կորիզը կը բաղկանայ հետեւեալներէ.
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան համանախագահ:
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավարութեան գերագոյն խորհուրդ:
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան խորհուրդ:
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Կեդրոնական կարգապահական խորհուրդ:
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխաններ:
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կանանց թեւ:
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան նահանգապետներ:
-Ազգայնական շարժում կուսակցութեան քաղաքապետներ:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պաշտօնաթերթն է «Օրթատողու», որ հիմնուած է 3 մայիս 1972-ին Զէքի Սարաչօղլուի կողմէ: «Օրթատողու»-ի բովանդակութեան մէջ զանազան նիւթերու կողքին յաճախ կը հանդիպինք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի վերաբերող նիւթերու, ուր յօդուածագիրները, ըստ էութեան, կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը, ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն ու մանաւանդ կը վարկաբեկեն հայ ժողովուրդի առնչուող ամէն ինչ: Այստեղ շատ կարեւոր կը նկատենք յիշել Ազգայնական շարժում կուսակցութեան մէջ գործող քանի մը հայերէն մէկը՝ պոլսահայ պատմաբան-հրապարակագիր Լեւոն Փանոս Տապաղեանը (ծնեալ Պոլիս 1933-ին), որ ոչ թէ կուսակցութեան թունդ անդամներէն է միայն, այլ նաեւ կուսակցութեան պաշտօնաթերթի յօդուածագիրներէն: Տապաղեան, Ալփարսլան Թիւրքէշի ցանկութեամբ, տարիներ շարունակ յօդուածներ գրած է «Օրթատողու»-ի մէջ: Տապաղեանի խօսքերէն է՝ «Եւրոպական Միութիւնը կը դաստիարակակէ թուրքերու թշնամի հայը»:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը թրքական ցեղը բարձրագոյնը, ազնուագոյնը կը համարէ: Այդ պատճառով ալ թուրքերը «ասիլ թիւրքլէրը» («ազնուացեղ թուրքեր») կոչումը կու տան իրենք իրենց, որոնք, ըստ իրենց, աշխարհի ամէնէն ազնիւ ազգն են եւ հետեւաբար՝ կոչուած են միւս ժողովուրդներուն վրայ իշխելու: Բոլոր թրքախօս ժողովուրդները՝ Կովկասէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա, պէտք է միաւորուին «Մեծ Թուրան» պետութեան մէջ: Նախկին խորհրդային հանրապետութիւնները, ինչպիսիք են Ատրպէյճանն ու Ղազախիստանը, նոյնիսկ Չեչենիան, պէտք է ընդգրկուին այս պետութեան մէջ:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը, իր ծրագիրին համաձայն, բաւական լիպերալ է կրօնի նկատմամբ: Ըստ անոր՝ «ամէն ոք ազատ է կրօնի մը հետեւելու կամ չհետեւելու: Ոչ ոք իրաւունք ունի հաւատքի պատճառով մէկ ուրիշը նեղել ու ճնշել»: Կրօնի մասին այս դիրքորոշումին հասնիլը պատմական ընթացք մը կ’անցընէ: Նախկին փանթուրքիստները խստաբարոյ մուսլումաններ չէին: Անոնց համար ազգայնական գաղափարը՝ բոլոր թուրքերու միաւորումը պետութեան մը մէջ, առաջնակարգ կարեւորութիւն ունէր:
Կուսակցութեան կողքին կը գործէ երիտասարդական «Պոզքուրդ» («Գորշ գայլ») կազմակերպութիւնը, յետագային անուանափոխուեցաւ «Իւլքիւ օճաքլարը»-ի: «Գորշ գայլեր»-ը կը սիրեն իրենք զիրենք «Իւլքիւճիւ(ներ)» (իտէալիստ) անուանել:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավարը՝ Ալփարսլան Թիւրքէշը, «Իւլքիւճիւներ»-ու (իտէալիստներու) յորջորջումով կը կոչուի «Պաշպուղ», այսինքն՝ առաջնորդ, գլխաւոր, ոչ կանոնաւոր զինուորական խումբերու հրամանատար:
«Իւլքիւճիւներ»-ը իրենք զիրենք կը կոչէին «ազգային-իտէալիստներ»: 1944-ի մայիսին էր, որ դուրսի աշխարհը տեղեկացաւ այս շարժումի մասին: Այդ օրը դատական ընթացք սկսաւ թուրք ազգայնականներու եւ փանթուրանիստներու (թրքերէնով «թուրանճի»), այսինքն՝ «Մեծ Թուրան» գաղափարի համակիրներուն դէմ: Դատուողներու մէջ էին շարժումի ղեկավար ու ոգեշնչող Հիւսէյն Նիհալ Աթսըզը եւ Թիւրքէշը: Անոնք կը մեղադրուէին ապօրինի կազմակերպութեան ստեղծմամբ, որու նպատակն էր կառավարութիւնը տապալել, ինչպէս նաեւ, պետութեան դէմ գրգռութիւն ընելով, ցեղապաշտութիւնը տարածել:
«Իւլքիւճիւներ»-ու (իտէալիստներու) շարժումը հիմնաւորուած է «ազգի միասնականութիւնը եւ հայրենիքի ամբողջականութիւնը» պահպանելու համար մղուող պայքարին վրայ. «Ով որ այս գործը կը խանգարէ կամ այդ շարժման մէջ կասկածելի կը նկատուի, պէտք է անոր դէմ պայքարիլ»:
Ստորեւ կու տանք երիտասարդական բաժնի «Իւլքիւճիւներ»-ու (իտէալիստներու) երդումը.
ԻՏԷԱԼԻՍՏԻ ԵՐԴՈՒՄԸ
Աստուծոյ, Ղուրանի,
Հայրենիքի, Դրօշակի,
Ազգի, Զէնքի եւ «Պաշպուղու»-ի
ԵՐԴՈՒՄ ԸԼԼԱՅ!
Նահատակներս, հերոսներս վստահ թող ըլլան,
Որպէս ԻՏԷԱԼԻՍՏ ԹՈՒՐՔ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐ,
Համայնավարութեան, դրամատիրութեան, ցեղապաշտութեան
Եւ ամէն տեսակ կայսերականութեան (իմպերիալիզմի) դէմ
Մեր պայքարը պիտի շարունակուի.
Մեր մարտնչումը մինչեւ վերջին զինուոր, վերջին շունչ,
մինչեւ արեան վերջին կաթիլն է:
Մեր մարտերը՝ Ազգային Թուրքիոյ,
Մինչեւ Թուրան է:
Պիտի չվերադառնանք,
Պիտի չվհատինք, պիտի չիյնանք,
Պիտի յաջողինք, պիտի յաջողինք,
Պիտի յաջողինք!
«ԱՍՏՈՒԱԾ ԹՈՒՐՔԸ ԹՈՂ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԵՒ ՀԶՕՐԱՑՆԷ»
(թարգմ.՝ հեղինակի)
Տեղին է նշել, որ Առաջին համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին Էնվէր փաշայի կողմէ ստեղծուեց երիտասարդական կազմակերպութիւնը, որ նաեւ կը կոչուէր Գորշ գայլեր: Այժմ՝ Գորշ գայլեր կը կոչուին բոլոր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամները:
Ըստ Գորշ գայլերու՝ իւրաքանչիւր թուրք պէտք է պարծենայ իր ազգութեամբ, որովհետեւ «թուրք ժողովուրդը աշխարհի ամէնէն բարձր ժողովուրդն է»: Անոնց պապերը Հեռաւոր Արեւելքէն դէպի Անատոլու երբ եկած են, առաջնորդուած են Գորշ գայլերով: Այս իսկ պատճառով անոնց խորհրդանիշն է գորշ գայլը:
Գորշ գայլերու բացատրութիւնը իրենց շարժումին նկատմամբ հետեւեալ ձեւով կը մեկնաբանուի. ամբողջ թրքական աշխարհի համար անմեղ խորհրդանիշ մըն է, ուր որ կ’ուզես գնա՝ Ղազախիստան, Ատրպէյճան, Թուրքմենիստան: Եւ կը տեսնես, թէ ինչպէս Գորշ գայլը ամենուր իրենց գլխուն վրայ կը դնեն: Թրքալեզու հանրապետութիւններու պետական հաստատութիւններու պատերուն վրայ կարելի է տեսնել կախուած Գորշ գայլի նշանը:
Գորշ գայլերու տեսակէտը արաբներու նկատմամբ քիչ մը կարծր է. անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ կը վանեն արաբերէնը՝ որպէս Ղուրանի լեզու:
1980-ական թուականներուն «Իւլքիւճիւներ»-ը իրենց պեխը կ’երկարաձգէին մինչեւ կզակ (առանց մօրուքի)՝ զատորոշուելու համար ուրիշներէ: Պեխի այդ ձեւը յատուկ էր միայն իրենց՝ Գորշ գայլերուն, այսպէս հաստատելու, որ կառչած կը մնան իրենց նախահայրերուն: Սակայն յետագային կարգ մը «Իւլքիւճիւներ» սկսան կարճեցնել զայն:
Գորշ գայլերը ձեռքով ունին յատուկ նշան, որուն իմաստը հետեւեալն է.
1. Ճկոյդ մատը կը նշանակէ թուրքութիւն:
2. Ցուցամատը՝ իսլամութիւն:
3. Ճկոյդ մատի եւ ցուցամատի պարապութիւնը՝ աշխարհը:
4. Երեք մատներու միացման կէտը (միջնէմատ, մատնէմատն ու բութամատ)՝ կնիք:
Վերոնշեալ բացատրութեան եզրակացութիւնը ըստ գորշ գայլերու կը նշանակէ՝ «Թուրք իսլամ կնիքը աշխարհին պիտի կնքենք»:
Գորշ գայլերը ունին ձեռքի բարեւ տալու յատուկ ձեւ. բռնելով դիմացինին ձեռքը՝ ճկոյթ մատը կը մտցնեն դիմացինին ճկոյթի արանքը: Ցուցամատը ու միջնեմատը ինքնաբերաբար կը ձգուին առաջ, բթամատները կը ցցուին վեր, իսկ մատնեմատով տակէն իրարու ձեռքերը պինդ կը պահեն: Այդպէսով՝ երկու գայլերու գլուխները կը միախառնուին իրարու:
«Իւլքիւճիւներ»-ը իրար կ’ողջունեն՝ ճակատները շփելով իրարու՝ մէյ մը աջ կողմէն, մէյ մը ձախ կողմէն: Այսպէսով կ’ուզեն ըսել, որ գլուխները կը միացնեն իրարու լաւ նպատակի համար: Անոնց նշանաւոր լոզունգներէն է Հաճի Պեքտաշ Վելիի բանաստեղծութիւններէն «Պիր օլալըմ, իրի օլալըմ, տիրի օլալըմ». այսինքն՝ «Մէկ ըլլանք, մեծ ըլլանք, կենդանի՝ ողջ ըլլանք»: Այս նախադասութիւնը կը համընկնի «Իւլքիւճիւներ»-ու գաղափարախօսութեան, որովհետեւ անոնք, որպէս իսլամներ, կ’ուզեն միասնակամութեամբ հսկայ եւ կենդանի ազգ մը ըլլալ: Թուրք գրողներու եւ քաղաքական գործիչներու իսկ խօսքով՝ «Թուրք մարդուն երէկուընէ այսօր փնտռած, կարիքը ունեցած իսկական բուն պատգամը այս է: Հետեւաբար, Հաճի Պեքտաշ Վելին սիրողները այս պատգամին հետեւորդներն են, անոր հետ եւ միահամուռ ճամբուն կրօնի-ազգային գաղափարի կապուած մնալով ծառայողներ են»:
«Իւլքիւճիւներ»-ը ունին յատուկ դասագիրք՝ «Իւլքիւճիւյէ նոթլար» (Ցուցմունքներ իտէալիստի համար), որուն հեղինակն է նոյնպէս պաշպուղը՝ Ալփարսլան Թիւրքէշը: Անոնք կը սորվին ազգապաշտութիւն ու թրքապաշտութիւն: Ազգապաշտ թուրքը «գերմարդ» մըն է, որ չ’ընդունիր երկու ազգի գոյութիւնը այս աշխարհի մէջ:
Գորշ գայլերու երիտասարադական բաժինը, որ կը կոչուի «Իւլքիւ օճաքլարի» եւ անոնք՝ «Իւլքիւճիւ(ներ», ունի Թուրքիոյ եւ արտերկրի մէջ կեդրոնատեղիներ, ակումբներ, որ թաքնուած են այլ անուններու տակ, օրինակ՝ մշակոյթի, ֆութպոլի եւ այլն, ստորեւ տրուած անունները քանի մը հատն են միայն այդ կեդրոններուն.
-«Իւլքիւ օճաքներու կեդրոնատեղի» (Ülkü Ocakları Genel Merkezi)
-«Ալփարսլան Թիւրքէշ Իւլքիւ օճաղը» (Alparslan Türkeş Ülkü Ocağı) AUGSBURG
-«Քօճա Մուսթաֆա փաշա Իւլքիւ օճաքլարը» (Koca Mustafa Paşa Ülkü Ocakları)
Այս կեդրոններուն մէջ թուրք երիտասարդները կը խրախուսեն, որ տօնեն փանթուրքիստներու օրը:
Գորշ գայլերը կը պայքարին հայերու, ալեւիներու, քիւրտերու ու հրեաներու դէմ: Թուրքիոյ մէջ յատկապէս 1970-1980-ական շրջանը կը յատկանշուի Գորշ գայլերու հակահայ արշաւանքով:
Կէս զինուորական այս կառոյցը այդ շրջանին բուռն գործունէութիւն ծաւալեց ինչպէս թուրք եւ քիւրտ այլախոհ տարրերու, այնպէս ալ Թուրքիոյ հայերու եւ սփիւռքահայութեան դէմ՝ մասնաւորապէս հայ ազատագրական շարժման զինեալ պայքարի 1975-1985 ժամանակաշրջանին: Գորշ գայլերու կիրարկած թրքացման քարոզարշաւներու սպառնալիքին ներքեւ Թուրքիոյ հայութիւնը ստիպուած ինքզինք կը ներկայացնէր իբրեւ «քրիստոնեայ թուրք»՝ հայկական ծագումն ու պատկանելիութիւնը քաղաքական յանցանք նկատելով® Թերեւս թրքական պատկանելիութեան TİS (Türk-İslam-Sunni) բանաձեւի յօրինումն ու տարածումը կարելի է այս շրջանի արդիւնքը նկատել:
Հակահայ գործողութիւններ կատարող Գորշ գայլերը, ինչպէս Էօմէր Չէլիք, մինչեւ այսօր կը պարծենայ ու կը կրկնէ, թէ «մենք պետական պարտականութիւն կատարեցինք»:
Գորշ գայլերը 1980-է առաջ առաւել դաժանութեամբ կը պատասխանէին՝ երկիրը փրկելու համար կոմունիստներէն: Անոնց արմատները կու գային յիսունական թուականներէն ստեղծուած «Կոմունիզմի դէմ պայքար միութիւն»-էն: Այս Միութիւնը՝ TKMD – Թիւրքիյէ քոմունիզմէ մուճատալէ տերնէի (Համայնավարութեան դէմ պայքարի միութիւն), ունէր մասնաճիւղեր ամբողջ Թուրքիոյ տարածքին: Ան կը պաշտպանէր Ալփարսլան Թիւրքէշը, երբ նախագահն էր Հանրապետական գիւղացիական ազգայնական կուսակցութեան:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը կը կազմակերպէ բանակումներ, որոնք տեղի կ’ունենան Թուրքիոյ մէջ, որոնց կը մասնակցին թուրքիայէն եւ արտերկիրէն: Հոն կը ստանան քաղաքական դաստիարակութիւն՝ թուրք ժողովուրդի պատմութիւն եւ ինչպէս պայքարիլ քիւրտերու դէմ, որոնք «կ’ուզեն երկիրը երկու կտոր ընել»: Այնպէս կը սորվեցնեն, որ երբեք իրենց սորվածը չմոռնան:
1980-ին՝ Թուրքիոյ զինուորական պետական հարուածէն ետք, Գորշ գայլերու բազմաթիւ անդամներ գաղթեցին Եւրոպա եւ կազմակերպուեցան՝ օգտագործելով մշակութային հաստատութիւններ, մարզական ակումբներ՝ որպէս հովանոց կազմակերպութիւններ: Այս կազմակերպութիւններու մեծ մասը արդէն գոյութիւն ունէր նախապէս, հետեւաբար կոմունիստական թշնամութիւնը Սովետական Միութեան, Չինաստանի, Իրանի, Իրաքի, Յունաստանի, Կիպրոսի, Պուլկարիոյ մէջ թուրք փոքրամասնութիւնները մղեց զօրակցելու: Կազմակերպչականօրէն փանթուրքիզմը Թուրքիոյ մէջ մնաց տկար եւ սահմանուած վերնախաւէն ներս:
Գորշ գայլերու առաջին կազմակերպութիւնը Հոլանատայի մէջ կը կոչուէր «Իւլքիւճիւ թիւրք իշճիլէր տերնէի» (Թուրք իտէալիստ բանուորական ընդհանուր միութիւն), անոր յաջորդեց «Հոլանտա թիւրք տերնէկլերի ֆետերասիոնու»- (Հոլանտայի թուրք միութիւններու ֆետերասիոն). հիմնադրուած է 22 սեպտեմբեր 1982-ին:
Եւրոպայի թրքական ֆետերասիոնը այն օղակն է, որ իրարու կը կապէ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու (Գերմանիա, Շուէտ, Աւստրիա, Պելճիքա, Անգլիա, Զուիցերիա, Դանիա, Հոլանտա եւ üրանսա) թրքական ֆետերասիոնները: Եւրոպայէն դուրս գոյութիւն ունի ֆետերասիոնի անդամ կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ Գանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ, Եգիպտոսի եւ Աւստրալիոյ մէջ: Այս բոլոր կազմակերպութիւններու «մայր կազմակերպութիւնն» արդէն գոյութիւն ունէր 1970-ական թուականներու վերջերէն: Անոր լրիւ անունն է Avrupa Demokratik Ülkücü Türk Dernekler Federasyonu (Եւրոպայի թուրք դեմոկրատ-իտէալիստ միութիւններու դաշնակցութիւն):
Գորշ գայլերու կիները իրենց առանձին դաշնութիւնը ունին աշխարհի տարածքին՝ զանազան այլ անուններու տակ թաքնուած:
Եւրոպայի մէջ այսօր թուրքերը կը ջանան «Եւրոպայի թուրք» կոչումը ստանալ՝ տարբերուելու համար «փոքրամասնութիւն» կոչումէն: Կան խումբեր, որոնք կը նախընտրեն իրենց «Եւրոպայի մուսլումանններ» անուանումը: Ասոր դէմ է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան Գորշ գայլերը, որովհետեւ անոնք նախ՝ թուրք են եւ ապա՝ ուրիշ բան: Այս հարցը աւելի ամրապնդելու համար թրքական պատկերասփիւռի կարգ մը կայաններ, օրինակ, TGRT, D, “Star” եւ այլ կայաններ, տարիներու ընթացքին յատուկ յայտագիրներով հանդէս եկած են, ինչպէս՝ «Աւրուփա թիւրքլէրը» (Եւրոպայի թուրքեր) եւ այլ խորագիրներով:
Թրքական ֆետերասիոնի գործունէութեան ծրագրի մէջ, որպէս աշխատանք, ուրիշներու շարքին նշուած է. «Ազգային համագումար՝ մայիս 4-ի եւ 5-ի իմաստը հոլանտացիներու համար» թեմայով: Մայիս 4-ը եւ 5-ը Հոլանտայի մէջ կը յիշատակուին որպէս Համաշխարհային Բ. Պատերազմի զոհուածներու ոգեկոչման օր:
Թրքական ֆետերասիոնի գործունէութեան ներքին ծրագիր-նախագիծը երբ քննենք, կը տեսնենք անոր մէջ, թէ մայիս 3 եւ 4-ը «Թիւրքճիւլէր պայրամն» է, այսինքն՝ «թրքասէրներու տօնը», «փանթուրքիստներու տօնը»: Ան 1944 թուականի մայիս 3-ի տարեդարձն է, երբ 23 փանթուրքիստներ, ներառեալ Ալփարսլան Թիւրքէշը, դատի կանչուեցան:
Առ այդ «Գորշ գայլերը» մայիս 3-ը կը շարունակեն տօնել որպէս փանթուրանիզմի, «Մեծ Թուրանի» գաղափարի օր: Մայիս 3-ը անոնք կը տօնեն իրենց այն նպատակի վերահաստատման համար, որ Թուրքիան վերջնականպէս դարձնեն գերուժ մը եւ, նոյնիսկ, աշխարհի միակ տէրութիւնը:
1990-էն ի վեր ամէն տարի օգոստոս ամսուան առաջին շաբաթը տեղի կ’ունենայ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան վեհաժողովը՝ «Էրճիես յաղթանակի վեհաժողով» (Erciyes Zafer Kurultayı) անունով, որ կը գումարուի Կեսարիոյ (այժմ՝ Քայսերի) շրջանի Էրճիես լերան հովիտը: Հոն կը հաւաքուին տասնեակ հազարներով «Իւլքիւճիւներ»՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամներ՝ աշխարհի չորս ծագերէն, յատկապէս Եւրոպայէն:
Վեհաժողովը փառատօնային բնոյթ ունի, ուր ներկայ կը գտնուին երգիչներ, պարախումբեր, օսմանեան փողերախումբը (Մեհթար մարշեր երգող-նուագող)՝ օսմանեան դրօշակներով եւ այլն:
Արտերկրէն եկող «Իւլքիւճիւները անհամբեր կը սպասեն իրենց ղեկավարին ճառը լսելու, անորմով ոգեւորուելու, լիցքաւորուելու եւ գալիք օրերու գործունէութեան ուղղեցոյցը ստանալու:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը ինքն է, որ ամէնէն աւելի կը պաշտպանէ արտասահման ապրող թուրքերու շահերը:
1990-ական թուականներուն Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հիմնական պայքարը Չեչենիայի «թրքական հանրապետութեան ազատագրումն» էր:
1992-ին կրկին ճեղք կը բացուի Գորշ գայլերու մէջ: Այս անգամ ան տեղի կ’ունենայ «Մայր հողի վրայ»: Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնէն կ’անջատուի մրցակից խմբակ մը՝ Մուհսին Եազըճըօղլուի (Muhsin Yazıcıoğlu, 1954-2009) ղեկավարութեամբ, որ կը կոչուի Պէօյիւք պիրլիք փարթիսի (Մեծ միասնութիւն կուսակցութիւն, BBP- Büyük Birlik Partisi): Նշենք, որ Եազըճըօղլուն 25 մարտ 2009-ին ուղղաթիռի արկածի պատճառով մահացաւ:
Մեծ միասնութիւն կուսակցութիւնը բնականաբար եւս կը դաւանի Փանթուրքիստական գաղափարախօսութեան, իսկ անոր երիտասարդական թեւը աշխուժ ձեւով կ’աշխատի այդ ուղղութեամբ: Բաւական է նշել, որ Հրանդ Տինքը սպաննող Օկուն Սամասթը եւ այդ գործով անցնող Եասին Հայալը եղած են յիշեալ կուսակցութեան երիտասարդական թեւի անդամներ:
Մեծ միասնութիւն կուսակցութիւնը Եւրոպայի մէջ ունի իր մասնաճիւղը, որ թրքական ֆետերասիոնի մրցակիցը կը համարուի եւ կը կոչուի Աւրուփա նիզամի ալեմ ֆետերասիոնու (Եւրոպայի համաշխարհային կամ միջազգային կարգ դաշնութիւն):
1997-ին՝ Ալփարսլան Թիւրքէշի մահէն ետք, կուսակցութեան ղեկավար կ’ընտրուի դոկտ. Տեւլէթ Պահչելին: Պահչելին ծնած է 1948-ին՝ Օսմանիէ նահանգը եւ իր պատանի տարիքէն յարած է “Իլքիւճիւ” գաղափարներուն: 1967-ին ան հիմնած է Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երիտասարդական բաժին Իւլքիւ օճաքլարը (իտէալիստներու օճախ):
Գորշ գայլերը Թուրքիոյ ալեւիներու համայնքին արիւնալի դէպքերու առիթ տուած են: Այդ արիւնահեղութեան գագաթնակէտը Գահրաման-Մարաշի (Գերմանիկ-Վասպուրականի) 1978-ի դեկտեմբեր 4-ի կոտորածն էր, որու ընթացքին տասնեակ ալեւիներ զոհուեցան: Այս արեան հեղեղներուն կասկածելիներու ցանկին մէջն էին Ազգայնական շարժում կուսակցութեան բարձր ղեկավարները:
Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը Թուրքիոյ հայ փոքրամասնութիւնը կ’անուանէ «հայ ստրուկներ»:
Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատրաստուած Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» ֆիլմը, որ 2004-ին պիտի ներկայացուէր Թուրքիոյ շարժասրահներու մէջ, հակառակ անոր, որ կառավարութիւնը արտօնութիւն տուած էր, սակայն թուրք ժողովուրդի աչքը թեքած էր դէպի Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելիին, որովհետեւ վերջին պատասխանը՝ «ոչ», ան է որ տուաւ, եւ այդպէս ալ եղաւ. օրին չցուցադրուեցաւ «Արարատ» ֆիլմը (քանի մը տարի ետք ցուցադրուեցաւ):
Շրջան մը Ազգայնական շարժում կուսակցութեան պայքարի կարգախօս դարձած էր թուրք երգիչ Մուսթաֆա Եըլտըզտողանի «Թիւրքիյէմ» («Իմ Թուրքիան») երգի համարներէն՝ «Թուրքիան կամ սիրէ, կամ լքէ՜, հեռացի՜ր»: Տեղին է յիշել, որ վերոյիշեալ կարգախօսը վերջերս յանկարծակի փակցուած տեսնուեցաւ Հրանդ Տինքը սպաննող պատանին փոխադրող ինքնաշարժին վրայ: Մամլոյ գործակալներ, երբ կռահեցին կարգախօսը, անմիջապէս ոստիկանութիւնը կտոր մը թուղթով ծածկեց զայն:
Միւս կողմէ՝ երգիչ Օզան Արիֆ կը հանդիսանայ Գորշ գայլերու անզուգական մեկնաբանը, այդ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը երգերու միջոցով տարածողներներէն մէկը, հետեւաբար՝ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան շարքայիններն ու համակիրները ընդհանրապէս Օզանը մտիկ կ’ընեն: Անոր նշանաւոր երգերէն են.
-«Իտէալիստներու շարժում». այս երգով Օզան Արիֆ ուղղակի վեր կ’առնէ «Իւլքիւճիւ» շարժումը,
-«Մեղք կ’ըլլայ հայրենիքին»,
-«Հրահանգիդ հնազանդ ենք»,
-«Ապրի հանրապետութիւն»,
-«Մեղք ըլլայ». այս երգին բառերը նուիրուած են յատկապէս թուրք համայնավարութեան հիմնադրութեան՝ ամէնէն վարկաբեկիչ բառերով:
Օզան Արիֆի անունը հայկական շրջանակին ծանօթ դարձաւ վերջերս, երբ անոր գրած ու յօրինած երգը՝ «Փլան մի՜ շիներ, փլա՜ն», երգեց թուրք երգիչ Իսմայիլ Թիւրիւթը, եւ յատկապէս այդ երգին համար անծանօթներու կողմէ պատրաստուեցաւ տեսահոլովակ մը, որ կը գովաբանէ հայ խմբագիր Հրանդ Տինքը սպաննած պատանին: Երիզին մէջ կը տեսնուի Հրանդ Տինքին դիակը եւ զայն սպաննած պատանին՝ թրքական դրօշակին առջեւ կանգնած այն միջոցին, երբ երգին բառերը կ’ըսեն. «Ան, որ հայրենիքը կը ծախէ, այդ վայրկեանին իսկ կը վերջանայ անոր գործը»:
Նշենք, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը վերջերս կերպարանափոխելու ձեւերու որոնումին մէջ եւ ինքզինք համաշխարհայնացումին յարմարեցնելու գնով, 29 մարտ 2009-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններու նախօրեակին, իր կուսակցութեան անունով ճշդեց երկու հայեր՝ Լեւոն Աքչա եւ Խաչօ Քէշիշ, որոնք պիտի մասնակցէին վերոնշեալ ընտրութիւններուն:
Այնուհետեւ Լեւոն Աքչա ընտրութիւններուն յաղթեց եւ ընտրուեցաւ՝ Մերսին նահանգի մէկ համայնքի քաղաքապետարանի խորհուրդին մաս կազմելով: Հետաքրքրքկան է Լեւոն Աքչայի ոչ թէ յաղթական դուրս գալը, այլ Ազգայնական շարժում կուսակցութենէն ըլլալը, ինչպէս է պարագան նաեւ պարտեալ թեկնածու Խաչօ Քէշիշին:
Երկու հայերու անդամակցութիւնը Ազգայնական շարժում կուսակցութեան բաւականին լուրջ զայրոյթ յառաջացուցած է թրքական միւս կուսակցութիւններուն համար այն պատճառով, որ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը բուռն կերպով կը քննադատէ Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացումը ու մանաւանդ կը դաւանէ ազայնական եւ ցեղապաշտ գաղափարախօսութիւնը:
Այս բոլորը կը կատարուին այն օրերուն, երբ Ազգայնական շարժում կուսակցութիւնը բուռն կերպով քննադատեց Հայաստան-Թուրքիա սահմաններու բացման հեռանկարին կապակցութեամբ, եւ կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի իր կարգին իր կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովներէն մէկուն ընթացքին յայտնեց, որ «ոչ ոք կրնայ Հայաստանի հետ սահմանը բանալ, եթէ ցեղասպանութեան սուտին վրայ հիմնուած ամբաստանութիւններուն վերջ չտրուի, Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը Ատրպէյճանի չվերադարձուի, եւ Թուրքիայէն հողային պահանջները չդադրին»:
Պահչելի ըսաւ. «Կը զգուշացնեմ կառավարութիւնը. Հայաստանի շուրջ ձեր մօտեցումը կը վիրաւորէ մեր արժանապատուութիւնը: Հայաստանի նկատմամբ մեր մօտեցումը նոյնքան յուսախաբութիւն կը պատճառէ եւ վարկաբեկիչ է, որքան յոյն կիպրացիներուն եւ Իրաքի ցեղապետներուն նկատմամբ մօտեցումը»:
Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ նախագահին Երեւան այցելութեամբ Հայաստանի հետ սկսած յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացը միակողմանի զիջումներ կատարելու մակարդակին հասած է:
Միւս կողմէ՝ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին առիթով 24 ապրիլ 2010-ին Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ոգեկոչումներ: Այս ոգեկոչումներուն որպէս պատասխան՝ Թուրքիոյ մէջ ազգայնական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, յատկապէս Գորշ գայլերը սպառնացին սպանել Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչողներուն:
1 հոկտեմբեր 2010-ին Անիի Մայր տաճարի մէջ Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած նոր օրերու սելճուքեան նամազի շուրջ բարձրացած աղմուկը Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցիի մէջ տեղի ունեցած խեղկատակութեան շարունակութիւնն էր՝ հակառակ հաջորդականութեամբ:
Այն փաստը, որ Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը թոյլ տուած էր Գորշ գայլերու առաջնորդին՝ իր ոհմակին հետ միասին, կազմակերպել այս խեղկատակութիւնը, կը վկայէ, որ տուեալ ձեռնարկը նախապէս համաձայնուած է երկրի կեդրոնական իշխանութիւններու հետ: Աւելին՝ ակնյայտ կը դառնայ, որ Սուրբ Խաչի մէջ սեպտեմբեր 19-ին կազմակերպուած պատարագի եւ 1 հոկտեմբերին տեղի ունեցած նամազի միջեւ գոյութիւն ունի յստակ կապ ու փոխպայմանաւորուածութիւն:
Հուսկ՝ ուսումնասիրական համեստ յօդուածով փորձեցինք ընթերցողը ձեւով մը իրազեկ դարձնել փանթուրքիզմի եւ փանթուրքիստներու ջատագով Ազգայնական շարժում կուսակցութեանն ու անոր Իւլքիւճիւ եւ կիսառազմականացուած Գորշ գայլեր ազգայնական-ծայրայեղական խմբաւորումը՝ իր գաղափարախօսութեամբ եւ աշխատելաոճով, եւ լուսարձակի տակ առնել, որ համաթրքականութիւնն ու թուրանականութիւնը, որպէս գաղափարախօսութիւն, երբեք ետ քայլ չէ ապրած եւ կրնայ օգտագործուիլ տարածաշրջանային անկանխատեսելի փոփոխութեան դէպքի ընթացքին:
Օգտագործուած աղբիւրներ
1. Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ծրագիր, 1988:
2. GÖZCÜ Gazetesi, 20 Eylül 2004.
3. Hacı Bektaş Veli ve çevresinde oluşan kültür değerleri bibliyografyasi: (Deneme), hazırlayan: Mursel Öztürk, Ankara: Kültür Bakanlığı, 1991.
4. Milli Doktrin 9 Işık; Alparslan Türkeş, İstanbul, Kamer Yayınları, 1997.
5. Ortadoğu Gazetesi, “Bayrak, Vatan, Allah”, 1 Kasım 1996.
6. Susurluk belgeleri: İfade tutanakları: TBMM Komisyon Raporu’na muhalefet serhleri ile birlikte, Yayina hazırlayan: Veli Özdemir, Cilt 2, İstanbul: Scala Yayıncılık, 1997.
7.- The Encyclopedia of Islam, Volume VIII, Leiden The Netherlands 1995, e\ 251.
8.- Türk-Ermeni ilişkileri bibliyografyasi, Erdal İlter, Ankara: Ankara Universitesi, 1997.
9. Türk Ocakları (1912-1931): İmparatorluktan ulus-devlete Türk milliyetçiliği, Fusun Ustel, İstanbul : İletişim Yayinları, 1997.
10. Ulusçuluk (Milliyetçilik), M. Ali Ayni; derleyen: Nezih Neyzi, İstanbul: Peva Yayınları, 1997.
11. Ülkücülük; Hamle Yayınevi; İstanbul, 1995.
12. Թրքական պատկերասփիւռի կայաններ:
13. Թրքական համացանցի կայքէջեր:
Leave a Reply