Պաղըշ հարց չի տեսներ յունական դպրեվանքը բանալուն մէջ, սակայն…

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երկուշաբթի, մարտ 26ին, Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշ, Հէյպելիի Յունաց դպրեվանքի բացման մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ յայտնեց, որ համաձայն է դպրեվանքի բացման:

«Դպրեվանքի բացումը որեւէ վտանգ չի ներկայացներ Թուրքիոյ համար, բայց պայման է անշուշտ, որ Յունաստանը եւս լուծում գտնէ թուրք փոքրամասնութեան հարցերուն», ըսած է ան՝ միաժամանակ աւելցնելով, թէ չի փափաքիր այս երկու հարցերը ուղղակիօրէն իրարու կապել: «Ժամանակը եկած է, որ Յունաստան եւս շարժի իր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ», նշած է Պաղըշ։

Կը թուի, թէ որքա՛ն ալ թուրք քաղաքագէտները չուզեն այս հարցերը իրարու կապել, յայտնի է, որ դպրեվանքի մասին դրական նոր քայլ մը պիտի չառնուի, այնքան ատեն, որ Յունաստան դրական նոր քայլ մը չէ առած Թրաքիոյ թուրք բնակչութեան առնչութեամբ։

http://asbarez.com/arm/126494/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ