Հանրային ծառայողներու արհեստաւորներու միութիւնը փորձած է Անգարայի մէջ ցոյց կազմակերպել` Թուրքիոյ կրթութեան ոլորտին մէջ տեղի ունեցող վերջին փոփոխութիւններուն դէմ: Սակայն ոստիկանութիւնը արգիլած է ցուցարարներու հանրակառքերուն մուտքը Անգարա:
Թրքական գրեթէ բոլոր խոշոր քաղաքներուն ` Անգարայի, Սթամպուլի, Իզմիրի, Պուրսայի, Ատանայի եւ այլ քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են: Ոստիկանութեան հետ բախումը յատկապէս թէժ եղած է Անգարայի եւ Իզմիրի մէջ: Այստեղ ոստիկանները ցուցարարները ցրած են մահակներով եւ ջրցան մեքենաներով:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ CNNturk-ը, ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութիւնը արդէն դատապարտած է տեղի ունեցածը` պնդելով, որ խախտուած է մարդոց` ազատ տեղաշարժուելու իրաւունքը:
«Կարծես Թուրքիոյ մէջ ռազմական դրութիւն յայտարարուած ըլլայ: Մարդոց տեղաշարժը սահմանափակուած է: Սակայն ժողովուրդը պիտի չկարենան լռեցնել: Հարիւր հազարաւոր մարդիկ պիտի հաւաքուին հրապարակներու մէջ եւ ժողովրդավարական ճանապարհներով իրենց ձայնը պիտի բարձրացնեն», – ըսած է ԺՀԿ խմբակցութեան ղեկավար Աքըֆ Համզաչեպի:
Leave a Reply