Թուրքիոյ բանակին մէջ սպաննուած հայ զինուորին ծնողքը զայրացած է Պահչելիի պնդումէն

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս», «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլեթ Պահչելիի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ մէջ նահատակ կրնան համարուիլ միայն իսլամները, խստօրէն զայրացուցած է թրքական բանակին մէջ անցեալ տարուան Ապրիլ 24ին սպաննուած հայազգի զինուոր Սեւակ Շահին Պալըքճիի ծնողքը:

Թրքական «Ռատիքալ» թերթի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին, Սեւակին մայրը նշած է, որ իր որդին սպաննուած է Թուրքիոյ համար իր պարտքը կատարելու ընթացքին, եւ պէտք է նահատակ համարուի: Ան նաեւ նշած է, որ Թուրքիոյ օրէնքներուն համաձայն՝ պատկան կառոյցները երկու ամիս առաջ իրմէ վերցուցած են բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, Սեւակին նահատակ ճանչնալու եւ ծնողքին թոշակ նշանակելու համար:

Նաեւ, Իգտիրի նահատակներու ընտանիքներու միութեան նախագահ Գամպեր Կիւզելգայա եւս խստօրէն դէմ եկած է Հրանդ Տինքը նահատակ նկատելու դիտաւորութեան։ Ան ըսած է, որ այսպիսի առաջարկ մը «խորապէս կը տառապեցնէ ազնիւ նահատակները իրենց գերեզմաններուն մէջ ու անոնց ընտանիքները՝ երկրագունտին վրայ՝ սառեցնելով անոնց արիւնը»: Կիւզելգայա աւելցուց, որ «նահատակները արժանի չեն այդպիսի նախատինքի մը»։

http://asbarez.com/arm/126502/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ