Երբ կը մօտենայ ապրիլ ամիսը. Էրտողան–Օպամա «սիրաբանութիւն»ը կը ծաղկի

Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի հետեւալ անդրադարձը.

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը վերջին շրջանին կարեւորութեամբ կը շեշտէ, որ ժամանակն է այլեւս, որպէսզի մեր ժողովուրդին ազգային պահանջատիրութիւնը թրքական պետութեան գործադրած Հայասպանութեան ճանաչումէն եւ դատապարտումէն անդին անցնի ու արդար հատուցման հրամայականին վրայ կեդրոնացնէ իր պայքարը։

Վեհափառ հայրապետը նաեւ դիտել կու տայ, թէ նախ՝ Հայկական Պահանջատիրութեան աշխարհաքաղաքական քարտէսը այնպիսի՛ն է, որ դերերու բաշխումը անխուսափելի է Հայաստանի կառավարութեան, Սփիւռքի քաղաքական ուժերուն եւ Եկեղեցւոյ միջեւ։ Ապա՝ մօտեցումներու եւ մարտավարութեանց տարբերութիւնները ձեռնտու համարելով հանդերձ, վեհափառը անհրաժեշտ կը գտնէ Ազգի եւ Հայրենիքի բոլոր ուժերուն համախմբումն ու կեդրոնացումը միեւնոյն գլխաւոր թիրախներուն ուղղութեամբ։
Արամ Ա. կաթողիկոս որոշապէս կը յորդորէ՝

«Հայաստանի պետութիւնը իր իւրայատուկ դերը պէտք է ունենայ, Սփիւռքը՝ իր իւրայատուկ դերը, Եկեղեցին՝ իր իւրայատուկ դերը։

Հարկ է հեռու մնալ խաչաձեւումներէ ու կրկնութիւններէ։ Դերերու տարբերութիւնները անհրաժեշտ է պահել, որովհետեւ անոնք զիրար կ՛ամբողջացնեն։ Անհրաժեշտ է, սակայն, հիմնական հարցերու շուրջ հաւաքական տեսակէտներ ունենալ ու կեցուածքներ ճշդել։ Հո՛ս կը կայանայ մեր դատին հզօրութիւնը։ Չմոռնանք, որ մեր պահանջատիրութիւնը մէ՛կ է, եւ այդ մէկութիւնը պէտք է մեր բոլոր աշխատանքներուն մէջ կարեւորութեամբ շեշտուի։ Չմոռնանք, որ վերջին շրջանին ցեղասպանը սկսած է օգտագործել ազգային պահանջատիրութեան գծով Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ երբեմն երեւան եկող տարբեր շեշտաւորումները։ Հարկ է ըլլալ զգո՜յշ եւ արթո՛ւն»։

Յատկապէս ամիս մը առաջ իր իսկ նախաձեռնութեամբ ու նախագահութեամբ Անթիլիասի մէջ գումարուած միջազգային գիտաժողովէն ասդին, որուն ընթացքին բազմաձայն քննարկումներ ծաւալեցան այսօրինակ ամէն կարգի հարցերու շուրջ, Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւողական աշխատանք կը ծաւալէ, որպէսզի համապատասխան հունի մէջ մտնեն արտաքին ճակատի վրայ Հայ Դատի պահանջատիրութեան հետագայ քայլերն ու միջազգային նախաձեռնութիւնները։

Այս իմաստով՝ հայ քաղաքական մտքի օրակարգին վրայ հրատապութեամբ դրուած է համապատասխան ուղեգիծի եւ աշխատանքի համապարփակ ծրագրի մշակման հրամայականը ոչ միայն ընդհանրապէս, Մեծ Եղեռնի 100ամեակին ընդառաջ, այլեւ անմիջականօրէն՝ արտաքին ճակատի վրայ եւ յատկապէս թրքական ու ատրպէյճանեան կողմերէն եկող վտանգները դիմագրաւելու համար։

Փաստօրէն Ֆրանսայի Սահմանադրական Խորհուրդին հասցուցած վերջին ծանօթ հարուածը դեռ չյաղթահարած՝ Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը արդէն կը դիմագրաւէ նոր ճնշումներ ե՛ւ Թուրքիոյ, ե՛ւ Ատրպէյճանի պետական բարձրագոյն ղեկավարութեանց կողմէ։

Միջազգային լրատուամիջոցները արդէն լայնօրէն արձագանգած են Թուրքիոյ վարչապետին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջեւ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած տեսակցութեան եւ կարծիքներու փոխանակումին։ Իրենց քննարկած միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ հարցերէն անկախ՝ Օպամա եւ Էրտողան ըստ երեւոյթին յատուկ խորհրդակցութեան նիւթ դարձուցած են նաեւ Հայաստանի ու հայութեան հետ Թուրքիոյ ունեցած յարաբերութիւններու եւ հարցերու… թղթածրարը։
Այսպէ՛ս. մինչ նախագահ Օպամա փորձեց առիթը ծառայեցնել իր կառավարութեան ինքնագովազդին՝ դրուատելով յարաբերութեանց եւ գործակցութեան «շարունակուող զարգացումը» իր երկրին ու Թուրքիոյ միջեւ, անդին՝ վարչապետ Էրտողան իր կողմէ պարզապէս թափ տուաւ թրքական պետութեան համար շատոնց վարքագիծ դարձած սպառնական ամբարտաւանութեան, Հայաստանի եւ հայութեան նկատմամբ աւելի «կարծր» կեցուածք ակնկալելով Միացեալ Նահանգներէն։

Թրքական պետութեան թիւ 1 ներկայացուցիչը յայտնապէս դժգոհ է, որ դարձեալ Հայկական Որոշումնագրի մը որդեգրման հարցը դրուած է Քոնկրեսի օրակարգին վրայ։ Էրտողանի բառերով՝ «Ըսի Օպամային, որ յոգնած ենք արդէն։ Ամէն ապրիլի, կը դիմագրաւենք միեւնոյն հարցը։ Հանրապետականները գան իշխանութեան գլուխ թէ Դեմոկրատները, հարցը կը մնայ նոյնը։ Ես պարզեցի իրեն (Օպամային), թէ մենք ի՛նչ դրական քայլեր նետած ենք եւ տուի օրինակը Աղթամարի…»։

Աւելի՛ն. Էրտողան դիտել տուած է, եղե՜ր, Օպամայի՝ թէ «ԱՄՆ ծերակուտականները, օրէնսդիրները եւ քաղաքական գործիչները պէտք չէ շփոթել պատմաբաններու հետ»…

Այսինքն՝ եթէ Ֆրանսայի մէջ հնարաւոր եղաւ «հակասահմանադրական» հռչակել Հայասպանութեան ժխտումը քրէականօրէն պատժելի յանցագործութիւն հաստատող օրինագիծը, Թուրքիոյ վարչապետին համոզումով՝ ինչո՞ւ հնարաւոր պիտի չըլլայ նմանօրինակ՝ «վերէն հարուած մը իջեցնել» հայանպաստ բանաձեւեր Քոնկրեսի օրակարգին վրայ բերողներու գլխուն… պատմաբաններու վերապահելով եւ անոնց յղելով քննարկումը Հայասպանութեան հարցին պէս իբր թէ «առասպելներ»ու…
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները անշուշտ այն երկիրը չեն, մանաւանդ Թուրքիա չեն, որպէսզի նախագահ Օպաման «սիրաշահելով»՝ վարչապետ Էրտողան յոյսեր փայփայէ Քոնկրեսէն ընդհանրապէս հեռու պահելու Հայկական Պահանջատիրութիւնը իբրեւ վիճարկելի… սոսկ «պատմաբանասիրական» հարց։

Բայց միամիտ պէտք է ըլլանք՝ չտեսնելու համար, որ Թուրքիոյ վարչապետին այսօրինակ ելոյթներն ու յայտարարութիւնները զուտ քարոզչական սպառման համար հրապարակ նետուած գովազդներ են։ Թրքական պետութեան համար կարեւորը իր ուսերուն ծանրացող՝ Հայասպանութեան համար հաշիւ տալու ծանրագոյն բեռէն ձերբազատումն է։

Կարեւորը՝ անպատիժ մնացած, բայց ի վերջոյ արդար դատաստանի արժանի Հայասպանութեան մերկապարանոց ուրացումն է։
Այդ հաշուարկով ալ, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ վերանորոգումը արտօնելու իր քայլին համար, Թուրքիոյ վարչապետը բարի վարուց վկայագիր կ՛ակնկալէ Միացեալ Նահանգներէն եւ ընդհանրապէս միջազգային հանրութենէն։

Աւելին ալ կայ, տակաւի՛ն։

Թուրքիոյ վարչապետը եւ ընդհանրապէս թրքական պետութիւնը շատ լաւ կ՛անդրադառնան, որ այսպէս կոչուած Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ոսկեայ առիթը… կորսնցուցին, երբ առանց Հայաստանի հետ սահմանի բացման՝ փորձեցին Հայաստանի իշխանութեանց պարտադրել Հայասպանութեան պատմական փաստը պատմաբաններու քննարկման յանձնելու, այլ մանաւանդ Կարսի Դաշնագրի միջպետական սահմանագծումները իրաւական մերօրեայ ճանաչման արժանացնելու ծանրագոյն՝ անձնատուակա՛ն զիջումները։

Այդ մեկնակէտով է, որ ատրպէյճանեան իր կրտսեր «եղբօր» ձեռքէն բռնած՝ Թուրքիա փորձեց միջազգային բարձրագոյն մակարդակի վերջին գագաթնաժողովը բեմ դարձնել… Հայաստանի դէմ ապատեղեկատուութեան գրոհի եւ համաշխարհային հնչեղութեամբ շրջափակումի։

Հայաստանի նախագահը անշուշտ մերկացուց կեղծիքն ու խարդաւանքը թուրքեւատրպէյճանեան միացեալ գրոհին, որ արդէն ամէն աղբիւրէ ջուր կը փորձէ հոսեցնել դէպի Հայաստանը իբրեւ նախայարձակ եւ ռազմատենչ երկիր ներկայացնելու… սուտերու ջաղացքը։ Իլհամ Ալիեւ նոյնիսկ… «ահազանգ» հնչեցուց Հայաստանի հիւլէական ուժին նկատմամբ։ Իսկ Էրտողան ամենայն ամբարտաւանութեամբ ԵԱՀԿ համանախագահներէն պահանջեց ճնշել Հայաստանի վրայ, որպէսզի «փոխադարձաբար» ինք կարենայ, եղե՜ր, սանձել Ատրպէյճանի բացայայտ ռազմագոռ սպառնալիքները։

Թուրքեւատրպեճանեան այսօրինակ «գրոհ»ներուն աշխուժացումը դիմագրաւել պէտք է տաքը–տաքին։

Եւ դիմագրաւել՝ դերերու անհրաժեշտ բաշխումով ինչպէս Հայաստանի կառավարութեան եւ քաղաքական ուժերուն, այնպէս ալ Սփիւռքի քաղաքական եւ հոգեւորական ուժերուն միջեւ։

Դերերու տարբերակումով, բայց նաեւ ու անպայման միեւնոյն թիրախներուն հարուածը ուղղելու միասնականութեամբ։

Երբ կը մօտենայ ապրիլը, դժուար չէ բացատրել… Հայասպանին իրարանցումն ու ջղագարութիւնը։

Իսկ երբ Ապրիլ 24ի սեմին Միացեալ Նահանգներու նախագահը քաղաքական սիրաբանութեան մէջ կը մտնէ Հայասպանի ժառանգորդներուն հետ՝ Հայասպանութեան մերկապարանոց ուրացումին լռելեայն օրհնութիւն տալով, ոչ միայն դժուար է բացատրել, այլեւ մեր նահատակներու կտակին դէմ ծանրագոյն մեղանչանք է ձեռնթափութիւնը Հայկական Ուժի կեդրոններուն, ի Հայաստան թէ ի սփիւռս աշխարհի։

 http://tert.am/hy/news/2012/03/29/erdogan-obama-april/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ