ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի Երեքշաբթի, Մարտ 27ին, դէմ արտայայտուած է Հրանդ Տինքը նահատակ հռչակելու մասին վերջերս կատարուած առաջարկին:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ ընտանեկան հարցերու եւ ընկերային քաղաքականութեան հարցերով նախարար Ֆաթմա Շահինի կողմէ քանի մը օր առաջ կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Հրանդ Տինք եւս կրնայ նահատակ հռչակուիլ Թուրքիոյ մէջ՝ Պահչելի ըսած է. «Ի՞նչ իրաւասութեամբ Հրանդ Տինքը նահատակ պիտի համարուի: Թուրքիոյ մէջ նահատակութեան իրաւունքը ունի կրօնական եւ ազգային գնահատանքի իմաստ: Թուրքիոյ մէջ նահատակ կրնայ համարուիլ միայն իսլամը»:
Շահին ըսած էր, որ եթէ Տինքի ընտանիքը դիմէ Պոլսոյ նահանգապետարան, ապա այս հարցով զբաղող յանձնաժողովի եզրակացութեան հիման վրայ՝ Տինք կրնայ նահատակ համարուիլ, որմէ ետք Տինքի ընտանիքը կրնայ օգտուիլ նահատակներու ընտանիքներուն համար օրէնքով սահմանուած արտօնութիւններէն:
Leave a Reply