Թուրքիոյ Քայսերի շրջանին մէջ 31 թոն ոսկիի հանքավայր գտնուած է

Թուրքիոյ Քայսերի (Կեսարիա-Ակունքի խմբ.) քաղաքի մօտակայքին կատարուած ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքով պարզուած է, որ ընդերքին մէջ մօտաւորապէս 31 թոն ծաւալով ոսկիի պաշար կայ:

Տեւելի շրջանի Օքսիւթ գիւղի մօտակայքին 57 հորատանցքերուն մէջ կատարուած հետազօտութիւնները ցոյց տուած են, որ 31 թոն ոսկիի պաշարը կը գտնուի երկու տարբեր վայրերու մէջ:

Ուսումնասիրութիւնները սկսուած են դեռ 2007 հոկտեմբերին: Առաջին հորատումները տեղի ունեցած են 17 օգոստոս 2008-ին: 2012-ի ընթացքին տարածքին մէջ հորատման աշխատանքները պիտի շարունակուին:

http://tert.am/hy/news/2012/03/27/kayseri/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ