Հայկական Ցեղասպանութեան 100 – ամեակին առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի նուիրուած յուշամատեաններ կը հրատարակէ

ԱՆԹԻԼԻՍ.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն մասին կատարուած հրատարակութիւնները լայն տեղեկութիւններ կը պարունակեն անոնց պատմութեան, հայ կեանքին ու Հայկական Ցեղասպանութեան մասին: Անոնք անբաժան մասը կը կազմեն մեր հաւաքական յիշողութեան եւ, հետեւաբար, կարեւոր աղբիւր կը նկատուին հայոց ժամանակակից պատմութեան համար:

Ուրախութեամբ կ՛ուզենք յայտնել մեր ժողովուրդի զաւակներուն, որ Հայկական Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, այլ ծրագիրներու շարքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը որոշած է հրատարակել Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներուն, աւաններուն ու գիւղերուն նուիրուած յուշամատեաններու (պատմութիւն, հերոսամարտ,  յուշագրութիւն եւ այլն) շարքը: Սոյն շարքը պիտի ընդգրկէ Մալաթիա, Տարօն, Երզնկա, Սիս, Այնթապ, Սիվրիհիսար, Պոնտոս, Մուսա Լեռ, Էվերէկ, Կիւրին, Հարք-Խնուս, Բալու, Զէյթուն, Ուրֆա, Սեբաստիա, Հաճըն, Քիլիս, Եոզկաթ, Կարին, Արաբկիր, Ատանա, Մարաշ, Քեսապ, Հիւսէյնիկ, Խարբերդ, Չորք-Մարզպան, Շապին Գարահիսար, Կեսարիա, Թոմարզա, Պարտիզակ, Սասուն, Ամանոս, Էրզրում, Ամասիա, Սամսոն եւ այլ շրջաններ:

Այս առիթով կ՛ուզենք կարեւորութեամբ շեշտել հետեւեալ կէտերը.-

1.- Յուշամատեաններու հրատարակութիւնը պիտի կատարուի ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հսկողութեան ներքեւ եւ յատուկ յանձնախումբի մը օժանդակութեամբ:

2.- Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ շրջաններու մեծ մասը արդէն իսկ հրատարակուած յուշամատեաններ ունի: Ծրագրուած շարքին մէջ անոնք պիտի ներառուին՝ անհրաժեշտութեան պարագային ենթարկուելով լեզուական սրբագրութիւններու, ճշդումներու կամ յաւելումներու:

3.- Կարգ մը շրջաններու պարագային մէկէ աւելի յուշամատեաններ հրատարակուած են: Ներկայ շարքին մէջ նկատի պիտի առնուի միայն այն հատորը, որ աւելի ամբողջական է:

4.- Յուշամատեաններու շարքը պիտի ըլլայ միաձեւ՝ ծաւալով, չափով, թուղթի տեսակով եւ այլ մանրամասնութիւններով:

5.- Աւելի քան հարիւր յուշամատեաններ անցեալին հրատարակուած են փոքր տպաքանակով եւ ընդհանրապէս՝ սպառած: Թէ՛ Արեւմտեան Հայաստանի եւ թէ Կիլիկիոյ մէջ տակաւին կան շրջաններ, որոնք չունին յուշամատեաններ, եւ այդ շրջաններու պատմութիւնը ծանօթ չէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն: Ներկայ ծրագրին նպատակն է ո՛չ միայն ցարդ հրատարակուած յուշամատեանները վերահրատարակել, այլեւ անծանօթ մնացած շրջաններու պատմութիւնը ուսումնասիրել ու հրատարակել:

6.- Այս եզակի ծրագիրը պիտի իրագործուի բարձր տպաքանակով, եւ յուշամատեաններու պատկառելի այս շարքը պիտի տրամադրուի Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի բոլոր միութիւններուն, կրթական կառոյցներուն ու մատենադարաններուն:

7.- Ծրագիրը ի գործ պիտի դրուի անմիջապէս: Յիշեալ ծրագրի գծով կրնաք կապ պահել Կաթողիկոսարանի դիւանապետ պրն. Խաչիկ Տէտէեանի հետ.

chancellor@armenianorthodoxchurch.org

Կոչ կ՛ուղղենք մեր մտաւորականներուն ու պատմագէտներուն՝ պատրաստելու պատմութիւնը այն հայահոծ շրջաններուն, որոնց մասին ցարդ աշխատասիրութիւն չէ կատարուած:

Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր հայրենակցական միութիւններուն, հիմնադրամներուն, բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն՝ ստանձնելու մեկենասութիւնը ծրագրուած շարքին պատկանող հատորի մը եւ կամ մէկէ աւելի հատորներու:

http://asbarez.com/arm/126307/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ