Անթիլիասի Ուխտի օրը իւրայատուկ նշանակութիւն մը ունի ո՛չ միայն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, այլեւ ամբողջ հայ ժողովուրդին համար: Արդարեւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապի տօնին, որ միաժամանակ Ուխտի օրն է Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին, վեհափառը Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջով կ՛օրհնէ ժողովուրդը այն սրբազան Աջով, որ եղաւ պահապանը հայ ժողովուրդին` պատմութեան փոթորիկներուն մէջ,- կը գրէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը։
Հոգեւոր նոյն խանդավառութեամբ այս տարի եւս նշուեցաւ Ուխտի օրը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ Մայր տաճարին` նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ուխտի օրը կանխող շաբթուան ընթացքին կաթողիկոսարանի աւանդութեան համաձայն ամէն երեկոյ տեղի ունեցաւ Հսկումի արարողութիւն. իսկ ուրբաթ երեկոյեան` նախատօնակ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Մուտն ի Վիրապին: Շաբաթ գիշեր կատարուեցաւ կիրակի օրուան սուրբ եւ անմահ պատարագը կանխող Հսկումի արարողութիւն, որուն ընթացքին վեհափառը, ուխտաւոր ժողովուրդին իր խօսքը ուղղելով, խորհրդածութիւններ կատարեց մեծ սուրբին կեանքին ու առաքելութեան առնչուած կարգ մը յատկանշական երեւոյթներուն մասին` հրաւիրելով հայ ժողովուրդի զաւակները վերանորոգ հաւատարմութեամբ քալելու հաւատքի այն ճամբէն, որ Գրիգոր Լուսաւորիչ բացաւ մեր ժողովուրդին առջեւ:
Կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ վեհափառին: Օրուան պատարագիչն էր Թեհրանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ սրբազանը իր խօսքին իբրեւ բնաբան ընտրած էր` «Խոստովանող Քրիստոսի ճշմարիտ վկայ, բազմաչարչար նահատակ Տէր Գրիգորիոս. զպակասութիւն չարչարանաց Տեառն ի մարմնի քում կրեցեր, որով ցնծայ եկեղեցի ի փառս որդւոց Սիովնի»: Սրբազանը անդրադառնալով Գրիգոր Լուսաւորիչի մեծութեան, բնորոշեց իր կենդանի նահատակ եւ խոստովանող ըլլալու իրողութիւնը. իբրեւ արդիւնք իր խոր հաւատքին` իր կեանքն ու գործը վերածեց ծառայական փառաբանանքի, հոգեւոր ուրախութեամբ իր ծառայութիւնը մատուցեց իր ժողովուրդին:
Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` սրբազանն ըսաւ, որ այս Սուրբ աթոռը կը շարունակէ ծառայական իր առաքելութիւնը` հետեւողութեամբ բազմաչարչար հայրապետին: Արդարեւ, անթիլիասեան իր ութսուն տարիներու առաքելութեան ընթացքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նուիրումով ծառայեց իր ժողովուրդին. Ցեղասպանութենէն ճողոպրած իր ժողովուրդին հիւղաշէն դպրոցներն ու եկեղեցիները վերածեց քարաշէն կառոյցներու եւ իր զաւակներու գիտակցութեան մէջ վառ պահեց քրիստոնէական իր հաւատքն ու ամբողջական հայրենիքին վերատիրանալու անժամանցելի իրաւունքը: Իր խօսքի աւարտին պատարագիչ սրբազանը կոչ ուղղեց ժողովուրդին` վերանորոգուած ապրելու իր քրիստոնէական հաւատքը` միշտ հաւատարիմ լուսաւորչեան կտակին:
http://tert.am/hy/news/2012/03/27/antilias-krikorlusavorich/
Leave a Reply