Պոլսոյ մէջ յունական վարժարան մը եւ 4 խանութներ կը վերադարձուին

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը Ուրբաթ, Մարտ 23ին հաղորդած է, թէ Ղալաթիոյ Յունական վարժարանի շէնքը՝ իր յարակից խանութներով, պաշտօնապէս վերադարձուած է յոյն համայնքին՝ իրականացնելով անիրաւօրէն բռնագրաւուած փոքրամասնական կալուածները վերադարձնելու նոր որոշումին առաջին քայլերէն մէկը։

Յունաց վարժարանը հիմնուած էր 1853ին: Շէնքն ու չորս խանութները պիտի գործածուին իբրեւ մշակութային կեդրոն, իսկ վերնայարկը, որ նախապէս նախակրթարան էր, պիտի վերածուի մանկական թանգարանի մը։ Փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչ Լաքի Վինկաս, որ ծագումով յոյն է, յիշեցուց, որ ուրիշ կալուածներ եւս պիտի վերադարձուին. անոնց շարքին՝ Մարտինի ասորի կաթոլիկներուն պատկանող չորս կալուածներ:

http://asbarez.com/arm/126176/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ