ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Կազմակերպութեամբ «Արփա» հասարակական կազմակերպութեան, հինգշաբթի` ապրիլ 5-ին` երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու «լքուած» կալուածներու հարցին նուիրուած դասախօսական ձեռնարկ մը, որուն բանախօսն է դոկտորականի թեկնածու Կարօ Մոմճեան:
Դասախօսութեան ընթացքին շեշտը պիտի դրուի Հայկական Ցեղասպանութեան ընթացքին հայութենէն խլուած կալուածներուն եւ գոյքերուն վերադարձի հարցին վրայ՝ կեդրոնանալով այդ կալուածներու մասին Թուրքիոյ յաջորդական իշխանութեանց կողմէ 1914-էն 1930-ի միջեւ վաւերացուցած օրէնքներուն վրայ: Հետաքրքրական է, որ թրքական իշխանութիւնները այս կալուածները կ՛որակեն իբրեւ «լքեալ» կալուածներ:
Մոմճեան ծնած է Լիբանանի Զահլէ քաղաքը, 1957-ին. հայագիտական ուսմանց եւ պատմագիտութեան մարզերուն մէջ պսակաւոր արուեստից զոյգ վկայականներ ստացած է Պէյրութի Համազգայինի Հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկէն ու Լա Վըրնի համալսարանէն: Մագիստրոսի տիտղոսը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն (UCLA), իսկ դոկտորական թէզը կ՛ամբողջացնէ «Հայ-թրքական յարաբերութիւններ 1890-1909 տարիներուն» նիւթով: 1986-էն ի վեր ան դասախօսի պաշտօն ստանձնած է Լա Վըրնի համալսարանին ու Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է «Մեսրոպեան» Ազգային վարժարանի տնօրէնը: Ան հեղինակն է շարք մը դասագիրքերու, հատուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու, արժանացած է շարք մը մրցանակներու. ան քաղաքական մեկնաբանութիւններ կը կատարէ «Հորիզոն» պատկերասփիւռի կայանէն ու մամուլի մէջ: Ան կը տիրապետէ քանի մը լեզուներու, յատկապէս՝ օսմաներէնի՝ ուսումնասիրական մակարդակով:
Դասախօսական վերոյիշեալ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ «Մերտինեան» վարժարանի սրահին մէջ (13330 Riverside Dr. Sherman Oaks, CA 91403):
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել դոկտ. Յակոբ Փանոսեանին՝ (818) 453-0618 թիւով կամ info@ARPAInstitute.org հասցէով:
http://asbarez.com/arm/126144/
Leave a Reply