Տինքի սպանութեան հետաքննութեան շրջանակը ընդարձակելու դիմում

ՊՈԼԻՍ,  «Արմէնփրէս»- Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանները 18 կէտէ բաղկացած բողոք ներկայացուցած են Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութեան՝ պահանջելով ընդարձակել Տինքի սպանութեան գործով հետաքննութեան շրջանակը: Ըստ թրքական լրատուական գործակալութեանց, բողոք-հայցին մէջ փաստաբանները նշած են սպանութեան հետաքննութեան ընթացքին արձանագրուած Թուրքիոյ վերահսկիչ խորհուրդին կողմէ յայտնաբերուած ոստիկանութեան անփութութիւնը եւ այն փաստը, որ ոստիկանութեան թերացումներուն պատասխանատու ոստիկաններն ու անոնց մեծաւոր-ները անպատիժ կը մնան տակաւին:

Տինքի սպանութեան գծով Թուրքիոյ վերահսկիչ խորհուրդին կողմէ հրապարակուած զեկոյցին «պետական գաղտնիք» անուանուած 6 էջնոց բաժինին մէջ ծանր մեղադրանքներ կան ոստիկանութեան հասցէին: Կը նշուի, թէ 2006 Փետրուարին, հետախուզութեան գործակալ Էրհան Թունճելէն ստացուած տեղեկութիւններ կային այն մասին, որ Եասին Հայալ կը ծրագրէ սպաննել Հրանդ Տինքը: Այս տեղեկութիւնը Տրապիզոնի ոստիկանութիւնը անմիջապէս փոխանցած է Պոլսոյ ոստիկանութեան, առանց զայն փոխանցելու Տրապիզոնի նահանգային ղեկավարութեան: Բացի ատկէ, Տրապիզոնի ոստիկանութիւնը Տինքի դէմ մահափորձ կազմակերպելու մասին յստակ տեղեկութիւններ ստացած է նաեւ այլ աղբիւրներէ, սակայն համապատասխան միջոցներու չէ դիմած՝ այդ մէկը կանխելու համար: Նաեւ, Պոլսոյ ոստիկանութեան աշխատակիցները, մանաւանդ՝ հետաքննութեան բաժինը, ոչ միայն Տրապիզոնէն ստացուած տեղեկատուութեանց հետ կապուած պահանջները չէ կատարած, այլ իր պատասխանատուներուն ներկայացուցած է կեղծ զեկոյց մը:

http://asbarez.com/arm/126237/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ