Հրանդ Տինքի ընտանիքի փաստաբանները դիմած են Սթամպուլի գլխաւոր դատախազութիւն` պահանջելով, որ Թուրքիոյ Պետական վերահսկիչ խորհուրդի (DDK) հրապարակած զեկոյցը հաշուի առնելով՝ նոր հետաքննութիւն սկսի` գործի կասկածելի մանրամասնութիւնները ճշտելու եւ նոր մեղադրեալները ներգրաւելու համար:
Վերահսկիչ Պալատի 650 էջանոց զեկոյցին մէջ կը նշուէր, որ թրքական ոստիկանութեան կարգ մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ պէտք է ներգրաւուին Հրանտ Տինքի գործով` 2007-ին անոր սպանութենէն առաջ եւ ետք իրենց դրսեւորած անփութութեան պատճառով:
«DKK-ի զեկոյցը խնդիրին կ’անդրադառնայ բծախնդրութեամբ եւ մինչեւ այսօր հրապարակուած ամենաամբողջական զեկոյցն է: Ան նոր բացայայտումներու համար նոր փաստեր առաջ կը քաշէ», – ըսուած է Տինքի փաստաբաններու դիմումին մէջ:
Զեկոյցին ամենակարեւոր բացայայտումներէն մէկը այն է, որ Հրանտ Տինքի սպանութեան բացայայտման գործի հիմնական սխալներէն մէկը եղած է այն, որ որեւէ կառոյցի դէմ փաստեր ձեռք բերելու նպատակով դիմում եղած է նոյնինքն այդ կառոյցներուն:
«Օրինակ` Տրապիզոնի ոստիկանութեան անձնակազմին ուղղուած մեղադրանքներուն համար կատարուած նախաքննութեան ընթացքին միայն այդ կառոյցէն ստացուած փաստաթղթերը հաշուի առնուած են: Որեւէ այլ ուսումնասիրութիւն չէ կատարուած, որուն պատճառով իրականութիւնը բացայայտել հնարաւոր չէ եղած: Պէտք էր Տրապիզոնի, Կիրեսունի եւ ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութեան արխիւներուն մէջ ուսումնասիրութիւններ կատարուէին», – ըսուած է զեկոյցին մէջ:
Փաստաբանները պնդած են, որ այդ պատճառներով իսկ սպանութեան բացայայտումը եւ նոր կասկածեալներու ներգրաւումը խոչընդոտներու հանդիպած է:
Leave a Reply