Ուխտագնացութիւն դէպի Կեսարիա, Աղեքսանտրիք ու Մուսա Լեռ

Մեծ Պահոց շրջանի աւանդական ուխտագնացութիւնը կատարուեցաւ Պատրիարքական Աթոռոյ հովանաւորութեամբ` դէպի Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւարիչ, Աղեքսանտրիքի (Իսկենտէրուն) Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆգիւղի (Մուսա Լեռ) Ս. Աստուածածին եկեղեցիները։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ, Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ այս ուխտագնացութիւնը գլխաւորեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան` իր հետ ունենալով Արժ. Տ. Գէորգ Քհն. Չնարեանը, Արժ. Տ. Աւետիս Քհն. Թապաշեանը, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեանը, Բրշ. Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանը եւ Բրկ. Արման Ուր. Դպ. Պուլտուքեանը։ Այս տարի եւս հաւատացեալներու մեծ բազմութիւն մը ուխտագնացութեան մաս կազմեց։

Հոգեւոր հայրերը 14 Մարտ` Չորեքշաբթի երեկոյեան, օդանաւով Կեսարիա հասան։ Յաջորդ օր` ժամը 16.30-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Աստուածամօր նորոգուած սրբապատկերի օծում, երեկոյեան ժամերգութիւն եւ նախատօնակ։ Իսկ Ուրբաթ առաւօտ կատարուեցաւ հանդիսաւոր ժամերգութիւն եւ ապա Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց, Սուրբ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ Օհանեան։ Սուրբ Սեղանին սպասարկեցին Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան եւ Բրկ. Արման Ուր. Դպ. Պուլտուքեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արժ. Տ. Գէորգ Քհն. Չնարեանի առաջնորդութեամբ։

Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ համառօտեց եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Անդրադարձաւ մեր հաւատքի Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տարապանքներուն, հոգեւոր վիթխարի ծառայութեան, կեանքի սքանչելի վկայութեան ու Լուսաւորչի հաւատքով վերածնած Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ մերօրեայ անվիճելի ու էական կարեւորութեան։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։ Ծխական խորհուրդը հիւրասիրեց բոլոր ուխտաւորները։

Օդի աննպաստ պայմաններուն պատճառով այս տարի գերեզմանատան այցելութիւն տեղի չունեցաւ։

Նոյն օրը եկեղեցականներ եւ ուխտաւորներ ցամաքային ճամբով հասան Աղեքսանտրիք։

Շաբաթ առաւօտ տեղւոյն Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ առաւօտեան ժամերգութիւն եւ ապա հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց, Սուրբ Պատարագը մատոյց եւ քարոզեց Գերպ. Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ Օհանեան։ Հայր Սուրբը ի ժամ Սուրբ Պատարագին քարոզեց Սեբաստիոյ քառասուն մանուկներու վկայաբանութեան մասին։ Չորրորդ դարուն Լիկիանոս Կայսեր հրովարտակով Քրիստոնեաներու հանդէպ մեծ հալածանք մը վերսկսաւ։ Կայսերական բանակին մէջ եղող քառասուն զինուորներ Քրիստոնեայ դարձած էին։ Այդ պատճառով ալ մեծ հալածանքներու ենթարկուեցան։ Քաջարի զօրականներուն խօսնակը Սուրբ Կանդիտոս չարչարանքներու ժամանակ բացագանչեց` ըսելով. «Եթէ այնքան քաջութեամբ պատերազմեցանք երկրաւոր թագաւորին համար, կը կարծէ՞ք որ նոյնը աւելիով պիտի չընենք մեր Երկնաւոր Թագաւոր՝ Յիսուս Քրիստոսին համար»։ Քանի որ այսպէս ամուր մնացին իրենց հաւատքին մէջ, անոնք նետուեցան Սեբաստիոյ մէջ գտնուող լիճի մը մէջ։ Լճին մօտ պատրաստուեցաւ նաեւ բաղնիք մը, որպէսզի անոնք որոնք հրաժարին, այնտեղ վազեն ու փրկեն իրենց կեանքերը։ Գիշերը, երբ սկսաւ լիճը սառիլ, այս սուրբ վկաները նահատակուեցան Քրիստոսի սիրոյն համար։ Լիճը ողողուեցաւ հոյակապ լոյսով մը, եւ մարտիրոսները պսակուեցան լուսեղէն թագերով։

Հայր Սուրբը եզրակացուց` ըսելով. «Մենք եւս յանուն մեր լոյս հաւատքի կրնանք տարբեր ձեւերով հալածուիլ, բայց եթէ ունենանք մաքուր ու անկեղծ հաւատք, ուրեմն կրնանք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ ստանալ այդ նոյն պսակները, զորս ստացան քառասուն զինուորները»։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ նաեւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն։

Արարողութիւններէ յետոյ ուխտաւորները այցելեցին նաեւ տեղւոյն գերեզմանատունը, ուր կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգիստ։ Հայր Սուրբը այստեղ խօսեցաւ Աղեքսանտրիքի երբեմնի Հայ գրասիրաց միութեան, հայ վարժարաններու, տեղւոյն ազգային ու եկեղեցական կարկառուն անցեալին մասին։ Ան ըսաւ. «Ինչքա՜ն կարեւոր է ուրեմն կառչիլ մեր հոգեւոր ու ազգային բոլոր արժէքներուն։ Ուստի յարգը գիտնանք մեր Պատրիարքական Աթոռին ու բոլոր մեր ազգային հաստատութիւններուն, որպէսզի ունենանք առողջ ու հաստատ ապագայ մը»։

Նոյն օրը այցելութիւն մըն ալ եղաւ Անտիոքի Ս. Պետրոսի քարայր-եկեղեցին, ուր միաբերան երգուեցաւ Տէրունական աղօթքը եւ Տէր ողորմեան։ Հայր Սուրբը այստեղ ներկաներուն համառօտեց ուխտատեղիին պատմականը, իսկ Տէր Աւետիս քահանան Գործ Առաքելոց գիրքէն սոյն սրբավայրի հետ կապուած հատուած մը կարդաց։ Նոյն օրը երեկոյեան ժամերուն հոգեւորականները Վաքըֆգիւղ անցան։

18 Մարտ` կիրակի առաւօտ, Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, իսկ ժամը 09.00-ին մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։ Օրուան պատարագիչն էր տեղւոյն Երէց Արժ. Տէր Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Արժ. Տ. Գէորգ Քհն. Չնարեանի առաջնորդութեամբ եւ Վաքըֆգիւղի մանկանց մասնակցութեամբ։

Ժամը 10.30-ին սկսաւ Արեւագալի ժամերգութիւնը, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Բրշ. Յարութիւն Սրկ. Սարգիսեանի առաջնորդութեամբ։

Քարոզեց Հայր Սուրբը` նիւթ ունենալով Դատաւորի նաեւ Փարիսեցի ու Մաքսաւորի զոյգ առակները։ Ան խօսեցաւ մեր հոգեւոր կեանքի զօրացման համար յարատեւ աղօթքի ու խոնարհութեան կարեւորութեան մասին։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ. Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանին, որ հայրաբար տնօրինեց այս աւանդական ուխտագնացութիւնը։ Շնորհակալութիւն յայտնեց ուխտագնացութեան մասնակից Քահանայ Հայրերուն, սարկաւագ ու դպիրներուն։ Նաեւ մասնաւորապէս շնորհաւորեց այցելութիւն կատարուած բոլոր եկեղեցիներու Ծխական Խորհուրդներուն եւ ի մասնաւորի ուխտաւոր ժողովուրդին, որ երկար ճամբորդութիւն մը յանձն առնելով` յարգեցին իրենց եկեղեցական ու կրօնական արժէքները։ Հայր Զաքէոս մասնաւորապէս շնորհաւորեց նաեւ Արժ. Տ. Աւետիս քհն. Թապաշեանը` իր շրջանի եկեղեցիներուն մէջ կատարած բոլոր հոգեւոր օրինակելի ծառայութեանց համար։ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց պետական ապահովութեան մարմիններուն, որոնք սիրայօժար ծառայեցին որպէսզի այս ուխտագնացութիւնը կատարուի ամենեւին խաղաղ ու հանգիստ եղանակով։

Արեւագալի արարողութենէն յետոյ Խաչելութեան սրբապատկերը օծուեցաւ։ Ապա կատարուեցաւ ընդհանուր հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին յիշուեցան նաեւ Սուրիոյ մէջ մահացած բոլոր հանգուցեալները։

Ապա կատարուեցաւ գերեզմանատան այցելութիւն։

Եկեղեցականներ եւ ուխտաւորներ նոյն երեկոյեան սկսան վերադառնալ Ստանպուլ։

http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003852&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ