Հանգիստ Ղպտի եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Շնուտա Գ. պատրիարքի

Աղեքսանդրիոյ պատրիարք եւ Ս. Մարկոսի Գահուն գահակալ, նորին սրբութիւն Շնուտա Գ. 17 մարտ 2012` շաբաթ, իր հոգին աւանդեց Երկնաւոր Հօր ձեռքերուն մէջ։

Հանգուցեալ Հայրապետը ծնած էր 1923ին։ 1955-ին օծուած էր քահանայ եւ 1955-1962 շրջանին երանաշնորհ Կիւրեղ Զ. պատրիարքի քարտուղարութիւնը կատարած էր։ 1962ին եպիսկոպոսացած ու ստանձնած էր Կրօնական դաստիարակութեան տեսչութեան պաշտօնը։ 1971-ին ընտրուած էր Աղեքսանդրիոյ պատրիարք եւ Ս. Մարկոսի Գահուն 117-րդ յաջորդ։ Ան իր ուրոյն տեղը ունեցաւ միջեկեղեցական կեանքի մէջ։

2001 տարւոյ Խաչվերացին, երբ այցելեց քաղաքս, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ տաղաւարի Ս. Պատարագին եւ իր սրտի խօսքը արտասանեց։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ բարձր. Տ. Արամ արքեպիսկոպոս 19 մարտ 2012` Երկուշաբթի, ցաւակցական նամակ մը գրեց Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ Սուրբ սինոտի ընդհանուր քարտուղար բարձրաշնորհ Ամպա Պիշոյ մետրոպոլիտին։

Նորին սրբազնութիւնը յանուն Պատրիարքական աթոռոյս եւ Կրօնական ժողովոյ անդամոց, ցաւակցելով Աղեքսանդրիոյ պատրիարք եւ Ս. Մարկոսի գահուն գահակալ, նորին սրբութիւն Շնուտա Գ-ի վախճանման առթիւ, ըսաւ որ «Սրբազան Պատրիարքը Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. պատրիարքի 2001 թուականին Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Ս. Պատարագին իր մասնակցութեամբ Ստանպուլի մէջ անմոռանալի յուշեր կը թողու։ Նորին սրբութիւնը աղօթակցած էր մեր համայնքին, եւ տակաւին կը յիշենք, թէ ան ինչպէս վերլուծած էր խաչի խորհուրդը իր ուրոյն վարդապետութեամբ։

Իր մահուամբ եկեղեցին պիտի զգայ բացակայութիւնը՝ ճշմարիտ քրիստոնեայ եղբօր, իր ընտանիքին հարազատ հօր եւ քրիստոնեայ վարդապետին։ Նորին սրբութիւնը քաջ քարոզիչն էր Բանին, իմաստուն աստուածաբանը, ուղղափառ հաւատքի հաւատացեալ քահանան եւ միջկրօնական մեծ դէմք մը։

Մենք, Հայ եկեղեցւոյ զաւակները, Մեծ պահոց այս շրջանին քրիստոնեայ մեծ հովուին մահուան առթիւ կը զգանք Ղպտի ուղղափառ եկեղեցւոյ սրբազան հայրերուն եւ աշխարհացրիւ քոյրերուն ու եղբայրներուն ցաւը»։

Բարձր. Տ. Արամ արքեպս. ըսաւ նաեւ որ «Պիտի աղօթեմ Հայ եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին սիրելի բարեկամ նորին սրբութիւն Շնուտա Գ. պատրիարքի հոգւոյն ի հանգիստ»։

http://www.lraper.org/main.aspx?Action=DisplayNews&NewsCode=N000003855&Lang=HAY

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ