ՊՈԼԻՍ, «Զաման»- Եւրոխորհրդարանի նախագահ Մարթին Շուլց նամակներ յղած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքին, երկրին համար ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը պատրաստելու կոչ ընելով անոնց:
Ընդգծելով, որ Եւրոխորհրդարանը յատուկ ուշադրութեամբ կը հետեւի Թուրքիոյ մէջ նոր սահմանադրութեան մէջտեղ բերելու գործընթացին՝ Շուլց նշած է, որ սահմանադրութիւնը պէտք է պատրաստուի՝ քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ խորհրդակցելու միջոցաւ:
Շուլց նաեւ անդրադարձած է երկրի դատական համակարգը բարեկարգելու անհրաժեշտութեան եւ ընդգծած, որ ժողովուրդը արտայայտուելու յաւելեալ ազատութեանց կարիքը ունի:
http://asbarez.com/arm/125971/
Leave a Reply