UNESCO-ի մշակութային արժէքներու ցանկին մէջ տեղ ունեցող Նեմրութ լեռը զբօսաշրջային կեդրոն դարձնելու ծրագիր մշակուած է Թուրքիոյ մէջ:
Ատըեաման շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ներկայացուցած ծրագիրով կը նախատեսուի 2.600 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող հսկայ յուշարձաններուն հասնելու ճանապարհները հեշտացնելու եւ բարձրութիւնը յաղթահարելու համար «երկաթգիծ» կառուցել: Այս փոխադրամիջոցով Նեմրութ լեռ կը բարձրանան ծերերն ու հաշմանդամները: Կը վերանորոգուին նաեւ հետիոտնի ճանապարհները: Իսկ քաղաքի կեդրոնը կը կառուցուի թանգարան, ուր կը ցուցադրուին շրջանի պատմական եւ մշակութային կոթողներու մանրակերտները եւ ձեռագործ աշխատանքներ:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ Haberturk-ը, Նեմրութ լերան զբօսաշրջային նախագիծին վրայ կը նախատեսուի ծախսել 5 միլիոն 852 հազար եուրօ, որուն 80 տոկոսը պիտի վճարէ Եւրոմիութիւնը, իսկ մնացած մասը մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը: Կը նախատեսուի ծրագիրը կեանքի կոչել 3 տարուան ընթացքին:
«Նեմրութ լերան` բարձրունքին վրայ գտնուող յուշարձաններուն հասնելու համար կը կառուցուի դէպի վեր եւ ներքեւ տանող երկաթգիծ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին վրայ 6 վակոն կ’աշխատի: Վակոնները պատրաստուած են հաշուի առնելով հաշմանամներու բոլոր հնարաւոր խնդիրներն ու պահանջքները: Նման նախագիծ աշխարհի մէջ առաջինը պիտի ըլլայ»,-ըսած է Ատըեամանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Մուսթաֆա Էքինջի:
Ան տեղեկացուցած է, որ անցեալ տարուան ընթացքին Ատըեաման 500 հազար զբօսաշրջիկ եկած է, իսկ Նեմրութ լեռ բարձրացած են 47 հազար օտարերկրացի զբօսաշրջիկներ:
Ծրագիրը կեանքի կոչուելէն ետք կը նախատեսուի մինչեւ 2.5 միլիոն զբօսաշրջիկ ընդունիլ:
Leave a Reply