Պոլսոյ Պատրիարքարանը դատ կը բանայ «Սանասարեան»ին վերատիրանալու համար

ՊՈԼԻՍ, «Հիւրրիյէթ».- Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Թուրքիոյ Վաքըֆներու (հիմնարկներու) ընդհանուր տնօրէնութեան մօտ դատ բացած է, որպէսզի հայ համայնքը վերատիրանայ «Սանասարեան» հիմնարկին կողմէ պատրիարքարանին յանձնուած եւ ապա Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ գրաւուած շարք մը կալուածներ, որոնցմէ մէկն է Էրզրումի Սանասարեան վարժարանի շէնքը, որ 1919ին գործածուած էր Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Քեմալ Աթաթիւրքի կողմէ հրաւիրուած համաժողովին համար:

Դատին մէջ կը պահանջուի նաեւ վերադարձնել Սվազի մէջ գտնուող կալուած մը. պատրիարքարանը ներկայացնող փաստաբան մը յայտնած է, թէ աշխատանք կը տարուի 1936ին գրաւուած կալուածներու գործածութեան իրաւունքի կորուստին փոխարէն՝ վնասուց հատուցման դիմումներ կատարելու համար:

Նախապէս, պատրիարքարանին անունով դատ բացուած էր կեդրոնական Պոլսոյ մէջ գտնուող «Սանասարեան խան»ին վերադարձը ապահովելու համար, որմէ ետք հաղորդուած էր, թէ Վագըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրտեմ յայտնած էր, թէ «Սանասարեան խան»ին պարագային՝ համայնքային կալուածներու մասին որդեգրուած նոր կանոնները ի զօրու չեն, որովհետեւ այն հիմնարկը, որուն կը պատկանէր նշեալ շուկան, օսմանահպատակ հայու մը՝ Մկրտիչ աղա Սանասարեանի կողմէ հիմնուած է:

1936ին գրաւուած կալուածներուն վերադարձի օրէնքը վաւերացուած էր անցեալ տարուան Օգոստոսին:

http://asbarez.com/arm/125818/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ