ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու կրօնական ազատութիւններու միջազգային յանձնաժողովը (USCIRF) իր տարեկան նորագոյն զեկուցումին մէջ Թուրքիան դարձեալ դասած է կրօնական ազատութիւնները կոպտօրէն ոտնահարող երկիրներու շարքին:
Յանձնաժողովի պատուիրակութիւնը զեկոյցը պատրաստած է անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ կատարած հետազօտութիւններու հիման վրայ եւ նշած, որ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութիւններու «համակարգուած եւ արտառոց վատ սահմանափակումներ» կը գործադրուին:
Ամերիկեան յանձնաժողովի պատուիրակութեան անդամները Թուրքիոյ մէջ հանդիպումներ ունեցած են Եւրոմիութեան հարցերով նախարար Էկեմեն Պաղըշի, ինչպէս նաեւ շիի, սիւննի, բողոքական, յունական, հայկական, ասորական, ալաուի, հրէական եւ մորմոններու առաջնորդներու, լրատուամիջոցներու եւ գիտական շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ:
Զեկոյցը դատապարտած է Թուրքիան՝ փոքրամասնութիւններուն կենսունակութեան նկատմամբ սպառնալիքները շարունակելուն համար:
Կրօնական ազատութիւնները կոպտօրէն ոտնահարող երկիրներու շարքին, Թուրքիոյ կողքին ընդգրկուած են Տաճիկիստանը, Պուրման (Միանմար), Հիւսիսային Քորէան, Եգիպտոսը, Էրիթրիան, Իրանը, Իրաքը, Նիճերիան, Փաքիստանը, Չինաստանը, Սէուտական Արաբիան, Սուտանը, Թիւրքմէնիստանը, Իւզպեքիստանը եւ Վիեթնամը:
http://asbarez.com/arm/125815/
Leave a Reply