Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Նիւ Ճըրզիէն դեմոկրատ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Իլինոյէն հանրապետական ծերակուտական Մարք Քըրք Երեքշաբթի, Մարտ 20ին Ծերակոյտին ներկայացուցին Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող եւ Ցեղասպանութենէն քաղուած դասերով ապագայի ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու նպատակով բանաձեւ մը՝ շեշտելով, թէ ժամանակն է, որ Միացեալ Նահանգները եւս միանայ այն 19 երկիրներուն, որոնք «Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915-1923ի ջարդերը ցեղասպանութիւն կ՛որակեն»: Այս մասին կը յայտնէ ԱՄՆ-ի «Ասպարէզ» օրաթերթը։
Բանաձեւին գլխաւոր հովանաւորներ Ռապըրթ Մենենտեզի եւ Մարք Քըրքի կողքին, իբրեւ համահովանաւորներ՝ բանաձեւին նեցուկ կը կանգնին ծերակուտականներ Պարպարա Պաքսըր, Մայքըլ Պենեթ, Տայան Ֆայնսթայն, Քարլ Լեւին, Ճօ Լիպըրմըն, Ճեք Ռիտ, Շելտըն Ուայթհաուս եւ Չաք Շումըր:
Ծերակուտականները յաւելեալ հովանաւորներ ապահովելու աշխատանքը կը շարունակեն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց նշեալ ծերակուտականներուն՝ դրուատելով Ցեղասպանութեան ուրացումը Ամերիկային պարտադրելու միտող Թուրքիոյ ջանքերուն ընդդիմացող անոնց սոյն քայլը:
Leave a Reply