Տինքի եղբայրը կը քննադատէ ոճրագործին հետ նկարուած ոստիկանին պաշտօնի բարձրացումը

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ինչպէս հաղոդած էինք, Հրանդ Տինքը սպաննած Օկիւն Սամասթին հետ ոստիկանատան մէջ թրքական դրօշակի մը առջեւ լուսանկարուած ոստիկաններէն մէկը պաշտօնի բարձրացում ստացած է եւ դարձած է Մալաթիոյ ապահովութեան տնօրէնի տեղակալ: Լուրը հետաքրքրական էր ոչ միայն անով, որ ոստիկանը պաշտօնի բարձրացում կը կրէր, այլ նաեւ՝ որ ան կը նշանակուէր Հրանդ Տինքի ծննդավայր Մալաթիոյ մէջ:

Տխրահռչակ լուսանկարը Սամասթը ցոյց կու տար իբրեւ ազգային հերոս, ինչ որ գայթակղութիւն ստեղծեց այդ օրերուն, սակայն ոստիկանին դէմ լուրջ պատիժ մը չսահմանուեցաւ օրին:

Պաշտօնի այս բարձրացումը խիստ խօսքերով քննադատուեցաւ Տինքի եղբօր՝ Օրհան Տինքի կողմէ: Ան ըսաւ, թէ ըստ երեւոյթին այս ոստիկանը կը պարգեւատրուի իր «յաջողութեանց համար», ապա նշանակալից արտայայտութեամբ մը յայտնեց. «Կ՛երեւի` անոնք, որոնք զինք Մալաթիա նշանակեցին, մեզմէ աւելի շատ բան գիտեն»։

http://asbarez.com/arm/125803/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ