Սթամպուլի դատախազութիւնը արդէն պատրաստած է մեղադրական գործ, ըստ որուն` Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) Քրտական համայնքներու միութեան (KCK) ահաբեչական օգնութիւն ցուցաբերելու համար Թուրք հրատարակիչ, իրաւապաշտպան, Ռաքըպ Զարաքօլուին «ահաբեկչական խմբաւորման աջակցութիւն ցուցաբերելու» մեղադրանք առաջադրուած է:
Եթէ մեղադրանքը հաստատուի, Հայոց ցեղասպանութեան մերժողականութեան դէմ պայքարող եւ այդ գործունէութեան համար բազմաթիւ անգամներ քրէական հետապնդման ենթարկուած թուրք իրաւապաշտպանին կը սպառնայ 7.5- 15 տարուան ազատազրկում:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ CNNturk-ը, դատախազ Ատնան Չիմենի կողմէ պատրաստուած մեղադրական եզրակացութեան մէջ փրոֆ. Պուշրա Էրշանլըի եւ հրատարակիչ Ռաքըպ Զարաքօլուի հետ միասին 193 մեղադրեալ կայ, որոնցմէ 147–ը ներկայիս արդէն կալանաւորուած են:
2400 էջանոց մեղադրական գործը արդէն ուղարկուած է Սթամպուլի 15-րդ ծանր յանցագործութիւններու դատարան:
Leave a Reply