Կիրակի, Մարտ 18, ժամը 15:00, Հայ Մշակոյթի եւ Զօրակցութեան Միութիւն
“Գրականությունը զարդ մը, պերճանք մը չէ, այլ զորավոր միջոց մը, զենք մը, որով կը պայքարեմ այն բոլոր բաներու դեմ, որ կը համարեմ անարդար:”
Զապէլ Եսայան
«Զապէլ Եսայեանը Գտնելով» 20րդ դարու ամենածանօթ հայ գրագիտուհիին կեանքն ու գործերը Սփիւռքի եւ Հայաստանի շրջագիծին մէջ հասկնալ ջանացող վաւերագրական շարժանկար մըն է։ Ան կը պատմէ Եսայեանի կեանքին ամենէն յատկանշական հանգրուանները։ Այսպէս, հոս կը տողանցեն ծնունդն ու աճման տարիները՝ Պոլսոյ մէջ, Փարիզի տարիները ամուսնութիւնն ու զաւակները, մասնակցութիւնը՝ 1909ի Ատանայի կոտորածը հետաքննող խումբին, 1915ին ցեղասպանութենէ փրկութիւնը, Կովկասի եւ Միջին Արեւելքի որբերը մէկտեղելու եւ վերապրողներու պատմածները արձանագրելու համար տարած աշխատանքը։ Այնուհետեւ, շարժանկարը կ՚անդրադառնայ գրագիտուհիին Խորհրդային Հայաստան հաստատումին, 1937ին ստալինեան իշխանութիւններուն կողմէ աքսորին եւ անծանօթ տեղ մը սպանութեան՝ նոյնքան անորոշ պայմաններու մէջ։ Այս նպատակով, մէկտեղուած են ընտանիքի անդամներուն պատմածները, նամակներ եւ հազուագիւտ լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ կատարուած են տեսակցութիւններ գրաքննադատներու հետ, որոնք արտայայտուած են Եսայեանի գործերուն մասին։
Զապէլ Եսայեան տասներկու գիրք եւ անթիւ յօդուածներ հրատարակած է։ 1934 թուականին գրած «Սիլիհտարի Պարտէզները» ինքնակենսագրական գործը, այսօր իսկ, Պոլսոյ ամէնօրեայ կեանքը նկարագրող ամէնէն տպաւորիչ երկերէն մէկն է:
Ցուցադրութեան միջոցին, Թալին Սուճեան եւ Լարա Ահարոնեան մեզ հետ պիտի ըլլան եւ հարցումները պիտի պատասխանէն։
Այս շարժանկարը ցուցադրուած է զանազան քաղաքներու մէջ, ներառեալ Երեւան, Պոլիս, Պէյրութ, Լոնտոն, Պերլին, Տիթրոյիթ, Նիւ Եորք եւ Թորոնթօ:
Բեմադրիչներ՝ Թալին Սուճեան եւ Լարա Ահարոնեան
41 վրկ., 2008
Թալին Սուճեան ծնած է Պոլիս: 2008էն ի վեր, ան Միւնիխ կը բնակի, ուր կը դասաւանդէ «Լուտվիկ Մաքսիմիլիըն» համալսրանի Միջին Արեւելքի Աշխատանքներու ամպիոնին մէջ։ Ան միաժամանակ կ՚աշխատի իր տոքթորայի աւարտաճառին վրայ:
Լարա Ահարոնեան ծնած է Պէյրութ եւ ապրած՝ Մոնրէալ։ Ան մագիստրոսական աշխատանքներ տարած է բաղդատական գրականութեան եւ հոգեբանութեան մէջ։ 2003ին ընտանեօք Երեւան փոխադրուած է, հիմնելով Կանանց Ռեսուրսային Կենտրոնը, ուր կը շարունակէ աշխատիլ մինչեւ հիմա։
http://hyetert.blogspot.com/2012/03/belgesel-gosterimi-zabel-yesayan-bulmak.html
Leave a Reply