Ցեղասպանութիւնը հայութեան եւ կիպրացիներուն դէմ տարբեր ձեւերով կը շարունակուի, կ՛ըսէ Արամ կաթողիկոս

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, Մարտ 16ին, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարար Էրաթօ Քոզաքու Մարքոլիս պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանք եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպման ներկայ էին Ազգ. կեդրոնական վարչութենէն տոքթ. Պետրոս Գարաճըրճեան (ատենապետ), Տիգրան Ճինպաշեան (ատենադպիր), նախարար զօր. Փանոս Մանճեան, Կիպրոսի կաթողիկոսական փոխանորդ Վարուժան արք. Հերկէլեան, Կիպրոսի ներկայայուցիչ Բարսեղ Զարդարեան եւ Կոմիտաս արք. Օհանեան: Նախարարուհիին կ՛ընկերանային Լիբանանի մօտ Կիպրոսի դեսպանը եւ արտաքին գործոց նախարարութենէն հինգ դիւանագէտներ:

Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման սկիզբը վեհափառը ջերմօրէն ողջունեց նախարարուհիին այցելութիւնը, անդրադարձաւ Լիբանանի ու Կիպրոսի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ գործակցութեան եւ մաղթեց, որ այդ գործացկութիւնը աւելի ծաւալի: Վեհափառը նաեւ լայնօրէն խօսեցաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու դարաւոր բարեկամութեան մասին: Ան ըսաւ, որ յատկապէս Կիլիկեան շրջանին մեր երկու ժողովուրդները ու պետութիւնները ունեցան սերտ գործակցութիւն: Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին՝ վեհափառը նախ շեշտեց կարեւորութիւնը մեր երկու եկեղեցիներուն միջեւ յարաբերութեանց, ապա ան ընդգծեց Հայաստանի ու Կիպրոսի պետութիւններուն, ինչպէս նաեւ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ գործակցութեան նոր շեշտ եւ հունաւորում տալու հրամայականը: Վեհափառը, յիշելով երկու շաբաթներ առաջ Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային համագումարը՝ Ցեղասպանութեան մասին, ըսաւ, որ Ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւերով կը շարունակուի այսօր՝ հայ ու կիպրացի ժողովուրդներուն դէմ: «Թուրքիոյ գործած Ցեղասպանութեան ուրացումը Ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է. ինչպէս նաեւ Կիպրոսի գրաւումը եւ մշակութային ու կրօնական կոթողներու քանդումը այլապէս ցեղասպանութեան շարունակութիւնն է. եւ ցեղասպանութիւնը ոճիր է մարդկութեան դէմ»,- եզրակացուց վեհափառը:

Նախարարուհին նախ յիշեց վեհափառին հետ հանդիպումը հինգ տարիներ առաջ եւ ապա իր կարգին շեշտեց, որ Լիբանանի ու Կիպրոսի պետութիւններուն միջեւ այսօր հասարակաց շահեր կան եւ հետեւաբար՝ սերտ գործակցութիւն: Ան գնահատանքով ու հիացումով անդրադարձաւ Կիպրոսի բարգաւաճման մէջ Կիպրոսի հայութեան բերած նպաստին: Ապա ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութեան՝ ընդգծելով գործակցութեան կարեւորութիւնը այսօր, մանաւանդ Թուրքիոյ կողմէ կատարուող ոտնձգութիւններուն ու ուրացումներուն դէմ: Նախարարուհին ըսաւ, որ երկու ժողովուրդներուն պայքարը արդարութեան պայքար է, եւ »մենք պէտք է միասնաբար շարունակենք այդ պայքարը՝ ի խնդիր մարդկային իրաւունքներու«: Ան նաեւ յայտնեց, որ Ապրիլի սկիզբը պաշտօնական այցելութիւն պիտի տայ Հայաստան:

Հանդիպման աւարտին, նախարարուհիին խնդրանքին ընդառաջելով, վեհափառին գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը այցելեց Նահատակաց յուշարձան: Վեհափառէն հրաժեշտ առնելէ առաջ, նախարարուհին դարձեալ կրկնեց, որ Կիպրոսը միշտ կը մնայ հայութեան կողքին, եւ ««մենք միասնաբար պէտք է շարունակենք մեր պահանջատիրական պայքարը»:

http://asbarez.com/arm/125597/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ