Կիպրոսը Թուրքիոյ Կցելու Պաղըշի Կարծիքը Կը Քննադատուի Դանիոյ Մէջ

ՔՈՓԵՆՀԱԿԸՆ, «Արմէնփրէս».- Դանիոյ Ժողովրդական կուսակցութենէն Եւրոխորհրդարանի անդամ Մորթեն Մեսերշմիթ կոչ ըրած է պատժամիջոցներ որդեգրելու Կիպրոսի վրայ ճնշումներ բանեցնող Թուրքիոյ դէմ:

Ըստ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ի, դանիացի խորհրդարանականը քննադատած է յատկապէս Եւրոմիութեան հարցերով Թուրքիոյ նախարար Էկեմեն Պաղըշի անպատասխանատու արտայայտութիւնները՝ բռնագրաւեալ Կիպրոսը Թուրքիոյ կցելու կապակցութեամբ:

Անգարա նաեւ դէմ արտայայտուած է 2012ի երկրորդ կիսուն Եւրոմիութեան նախագահութիւնը Նիկոսիոյ յանձնելու գաղափարին:

«Եւրոմիութիւնը պէտք է Թուրքիոյ դէմ դիրքորոշում հաստատէ եւ անընդունելի յայտարարէ անոր այս քայլերը: Թուրքիան է, որ Եւրոմիութեան անդամակցիլ կ՛ուզէ եւ ոչ հակառակը: Անգարա այս մէկը պէտք է լաւ հասկնայ: Եւրոյանձնաժողովը (Եւրոմիութեան գործադիր մարմինը) պէտք է հասկցնէ Թուրքիոյ, որ Եւրոմիութեան անդամ Կիպրոսին նկատմամբ սպառնալիքները շարունակելու պարագային Պրիւքսէլ պիտի առկախէ Թուրքիոյ հետ անդամակցութեան բանակցութիւնները», – ըսած է երեսփոխանը՝ դատապարտելով «նման սպառնալիքներով լիիրաւ անդամակցութիւն ապահովելու Թուրքիոյ քայլերը»:

Միւս կողմէ՝ թրքական մամուլը կը հաղորդէ, թէ Եւրոխորհրդարանի «Կանաչներ»ու խմբակի համանախագահ Ճան Պենտիթ քննադատած է Թուրքիոյ անդամակցութեան առնչութեամբ Եւրոմութեան դիրքորոշումը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած է Թուրքիոյ։ «Ֆրանսա եւ Եւրոմիութեան այլ երկիրներ ինչո՞ւ կը փորձեն Թուրքիան վարկաբեկել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին օրէնքներով։ Եւրոպական ընտանիքը անարդար կերպով կը կացինահարէ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւնները», ըսած է ան:

Ըստ անոր՝ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ ամենակարեւոր հարցը Թուրքիոյ մէջ ձերբակալեալ լրագրողներու բարձր թիւն ու մամլոյ ազատութեան չգոյութիւնն է։

http://asbarez.com/arm/125417/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ