ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան հովանիին տակ կը գործէ մարդկային իրաւունքներու բաժին մը, որուն ղեկավարութիւնը, աննախընթաց քայլ մը առնելով՝ հրապարակեց Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական ատեանին մօտ Թուրքիոյ մասին վճիռները, որպէսզի մասնաւորաբար դատաւորներ ու դատախազներ օգտուին անոնցմէ։
Այս նպատակով կազմուած կայքէջին վրայ տեղ գրաւած են եւրոպական ատեանին մօտ Թուրքիոյ վերաբերեալ 52 տարուան վիճակագրական տուեալները։ 1959-2011ի միջեւ կայացած դատավարութիւններու լոյսին տակ, Թուրքիա՝ իրեն դէմ արձակուած 2404 դատավճիռներով՝ Եւրոպայի մէջ մարդկային իրաւունքներու ուխտը ամէնէն շատ ոտնահարած երկիրն է։ Վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Թուրքիա, բազմաթիւ մարզերէ ներս, ամէնէն շատ դատ ունեցողի տիտղոսը ո՛չ մէկուն «շնորհած է»։ Ապրելու իրաւունքի եւ բռնութիւններու նման մարզերէ ներս, Թուրքիա ետ մնացած է Ռուսիայէն միայն՝ գրաւելով երկրորդ դիրքը: Ատեանին մօտ Թուրքիոյ դէմ ներկայացուած 15,940 դիմումներ տակաւին իրենց վճիռին կը սպասեն։
Ուրեմն, վերջին 52 տարուան ժամանակահատուածին, Թուրքիա, բացի քանի մը մարզերէ, մարդկային իրաւունքները ոտնահարող «ախոյեան» երկիր մըն է։ Թուրքիա «արդիւնաւէտ հետաքննութեան բացակայութեան» համար՝ 138 անգամ, «ազատութիւն ու ապահովութեան իրաւունք» նիւթին շուրջ՝ 554 անգամ, «արդար դատական իրաւունք» ոլորտին մէջ՝ 729 անգամ, «խօսքի ազատութեան» ոլորտին մէջ՝ 207 անգամ, «ժողով ու հանրահաւաք կազմակերպելու ազատութիւն» նիւթին շուրջ՝ 53 անգամ, իսկ «կալուածի իրաւունք» նիւթին շուրջ 611 անգամ դատապարտուած է՝ իրմէ բացի ո՛չ մէկ երկիր իրմէ առաջ ձգելով վիճակագրական սոյն տուեալներուն մէջ։
Ապրելու իրաւունքը ոտնակոխելու մարզին մէջ Թուրքիա 92 անգամ դատապարտուած է, իսկ այս մարզէն ներս «ախոյեանն է» Ռուսիան՝ 202 դատավարութեամբ։
Հետաքրքրական է, որ ցանկին մէջ Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ուխտի անդամ երեսուն երկիրներուն դէմ ո՛չ մէկ դատ բացուած է։ «Ազդեցիկ հետաքննութիւն» մարզէն ներս, Ռուսիա 217 դատավճիռներով կրկին ախոյեան է, իսկ Թուրքիա (138ով)՝ երկրորդ։ Ռուսիոյ դէմ «բռնութիւններ զսպելու» մարզէն ներս 357 դատավճիռներ արձակուած են, իսկ Թուրքիոյ դէմ՝ 243։ Դատավարութիւնը մասնաւոր կերպով երկարաձգելու մարզէն ներս, Իտալիա առաջին երկիրն է, իսկ Թուրքիան՝ երկրորդ:
Leave a Reply