«Ակօս» թերթի սպաննուած խմբագրապետ Հրանտ Դինքի ընտանիքը եւ փաստաբանները այսօր Սթամպուլի մէջ մամլոյ ասուլիս հրաւիրած են եւ անդրադարձած Տինքի սպանութեան գործով վերջին զարգացումներուն:
«Երբ կը սպառնային սպաննել, երբ «Ակօս» թերթի խմբագրութեան առջեւ բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպուէին, վարչապետը, ներքին գործոց նախարարը, արդարադատութեան նախարարը, ոստիկանութիւնը եւ ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ո՞ւր էին: Անոնք այդ պաշտօններով՝ այդ ամէնը աչքաթող ընելու իրաւունք չունէին, կոյր ու խուլ ձեւանալու իրաւունք չունէին», – ըսած է Հրանտ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը:
Ան նշած է, որ եթէ ամուսինին սպանութեան համար 100 մարդ ալ դատապարտուի, ատկէ ինքը ոչինչ կը շահի:
«Միայն բոլորս կը զգանք, որ Թուրքիան կը սկսի փոխուիլ, այս պետութիւնը կը սկսի արդար մօտեցում ցուցաբերել, անարդարութեան հետ առերեսուիլ», – ըսած է ան` աւելցնելով, որ մեղաւորը իբրեւ անմեղ ներկայացնելը Աստուած ալ չ’ընդունիր:
Անդրադառնալով Սվազի ցեղասպանութեան դատավարութեան` Ռաքէլ Տինք դատարանի որոշումը անընդունելի համարած է եւ նկատած, որ բողոքող ժողովուրդին դէմ արցունքաբեր կազով «կը պատասխանեն»:
«Եթէ իրենք գիտեն հրապարակներուն վրայ գոռալով զրպարտել, թող հրապարակաւ ներողութիւն խնդրել սորվին», – ըսած է Ռաքէլ Տինք:
Leave a Reply